Հայաստանի Պատմական Քարտէզներու Ցուցադրութիւն Թարթուի Համալսարանին ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/05/տարտու1.jpg)
Մայիս 22-ին Էսթոնիոյ` Թարթուի համալսարանի թանգարանին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայաստանի պատմական քարտէզներու ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ Էսթոնիոյ Հայկական Ազգային Միութեան եւ Թարթու քաղաքի հայ համայնքի աջակցութեամբ նախաձեռնած եւ կազմակերպած էր Էսթոնիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը (նստավայրը` Վիլնիւս) եւ Թարթուի համալսարանի ղեկավարութիւնը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Էսթոնիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, որ ներկայացուց պատմաբան Ռուբէն Գալիչեանի կազմած Հայաստանի քարտէզներու հաւաքածուն` սկսած մ․թ․ա․ 6-րդ դարէն մինչ 20-րդ դարը: Դեսպանը նշեց, որ միջին դարերուն մէջ շատ յաճախ երկիրներու անունները կը համապատասխանեցուէին ժողովուրդներու բնակութեան վայրերուն եւ աւելցուց, որ չնայած Հայաստանը 1375-1918թթ․` շուրջ 650 տարի, անկախ պետականութիւն չէ ունեցած, այնուամենայնիւ համաշխարհային քարտէզագրութիւնը շարունակաբար հայկական բարձրավանդակի տարածքն անուանած է «Հայաստան»: Այս մօտեցումը աստիճանաբար փոխուեցաւ միայն Հայոց ցեղասպանութենէն յետոյ, երբ հայ ժողովուրդը դադրեցաւ գոյութիւն ունենալ իր պատմական հայրենիքի մեծ մասին մէջ: Եզրափակելով իր խօսքը, Տիգրան Մկրտչեան նշեց, որ ներկայացուած 50 քարտէզները ըստ էութեան ցոյց կու տան հայ ժողովուրդի պատմութեան կարեւորագոյն հանգրուանները եւ լաւագոյն միջոց են օտար լսարաններուն մեր պատմութիւնը ներկայացնելու համար:
Թարթուի քաղաքապետ Ուրմաս Կլաասն իր ելոյթին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց նման ճանաչողական ցուցահանդէս մը հիւրընկալելու կապակցութեամբ` աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդն ունի չափազանց հարուստ պատմութիւն, որ պէտք է պարբերաբար ներկայացուի օտար լսարաններուն: Ուրմաս Կլաասը նաեւ նշեց, որ Թարթուի մէջ կը գտնուի Հայաստանի եւ Էսթոնիոյ բարեկամութիւնը խորհրդանշող մեծ խաչքարը, որ 1978թ. Տեղադրուած է քաղաքի կարեւորագոյն հատուածներէն մէկուն մէջ:
Թարթուի համալսարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Տինու Լեհտսարը նշեց, որ ցուցահանդէսն իրականացնելու միտքը հաւանութեան արժանացած է Թարթուի համալսարանի վաղամեռիկ տնօրէն Վոլլի Կալմի եւ Էսթոնիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Մկրտչեանի հանդիպումներէն մէկուն ժամանակ, եւ որ ինքն այնչափ ուրախ է, որ Կալմի այդ ցանկութիւնն իրականութիւն դարձաւ: Տինու Լեհտսարը նաեւ շեշտեց, որ Խաչատուր Աբովեանը կը շարունակէ խորհրդանշել հայ-էսթոնական բարեկամութիւնը, եւ համալսարանի կարեւորագոյն լսարաններէն մէկը հէնց հայ մեծանուն մտաւորականի անունը կը կրէ, ուր եւ տեղակայուած է նաեւ անոր կիսանդրին:
Թարթուի համալսարանի թանգարանի տնօրէն Մարիան Ռաիսման իր հերթին նշեց, որ պատմական քարտէզներու ցուցահանդէսը պատմական այս վայրին մէջ ներկայացնելը մեծ կարեւորութիւն ունի: Այստեղ կարելի է ծանօթանալ ոչ միայն Թարթուի վերջին 800 տարիներուն, այլ նաեւ հայ ժողովուրդի բազմադարեայ պատմութեան համաշխարհային քարտէզագրութեան միջոցով»:
Ցուցահանդէսի բացումէն առաջ եւ յետոյ Թարթու քաղաքի հայ համայնքը ներկայացուց գեղարուեստական համարներ: Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումէն յետոյ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն: «Հայաստանը հնագոյն քարտէզներու մէջ» ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ մինչեւ յունիս 3-ը: