Մարալ Մանիսի «Պոռթկումը» Ցուցահանդէսին Պաշտօնական Բացումը Լիբանանի Մէջ

Մայիս 22-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, «Էքսոտ» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Մարալ Մանիսի պատկերներու եւ քանդակներու ցուցադրութիւնը, որ կը կրէր «Պոռթկում» խորագիրը:
Մարալ Մանիս բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր առաջին ցուցահանդէսին բոլորին ներկայութեան համար:
Խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան իր խօսքին սկիզբը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, ապա ըսաւ, որ երբ հանդիպեցաւ արուեստագէտ Մարալ Մանիսին, տպաւորուեցաւ անոր արուեստի քաջութեամբ, համարձակութեամբ եւ ոգեշնչումով: Ան յայտնեց, որ Մարալին արուեստը ապսթրաքթ դպրոցին կը պատկանի` վերացական: Դեսպանը մատնանշեց, որ ուշագրաւ է ցուցահանդէսին խորագիրը` «Պոռթկում», բնութեան պոռթկում, ուժի պոռթկում, զգացումներու պոռթկում, որ երեւակայութեան արտայայտութիւն է: Անոր արուեստի գործերը կը պարզեն տարբեր մշակոյթներու ներդաշնակութիւն: Երբ ուշադրութեամբ քննենք իւրաքանչիւր պատկեր, կը տեսնենք, որ ինչպէս գոյները ներդաշնակ են իրարու: Անոր գործերը տարբեր քաղաքակրթութիւններու պատկերաւորում ունին:
Ան նշեց, որ ամէնէն կարեւոր բանը այն է, որ Մարալին արուեստը կը տարբերի միւսներէն: Ամէն արուեստագէտ իր իւրայատկութիւնները ունի: Այս պարագային Մարալը հասած է այն մակարդակին, որ անոր գործերը աչքի կը զարնեն եւ կը դրոշմուին դիտողին միտքին մէջ: Պատկերները ժամանակ կը պահանջեն արտացոլելու այն ինչ որ կ՛արտայայտեն եւ ինչ որ ըսելիք ունին մեզմէ իւրաքանչիւրին:
Խօսքի աւարտին ան շնորհաւորեց եւ գնահատեց արուեստագէտ Մարալ Մանիսը եւ անոր նուիրուածութիւնը արուեստին` մաղթելով, որ ան աւելի շատ ցուցահանդէսներ կազմակերպէ:
Մարալ Մանիս «Ազդակ»-ին ըսաւ. «Գործերուս խորագիրը պոռթկում է. ըլլայ Լիբանանի կամ արաբական աշխարհին մէջ կ՛ապրինք պատերազմներ, ժողովուրդի գաղթ, ցաւեր, տենչեր, հոգեկան վիճակ, ուրեմն գործերս այս նիւթերը կ՛ընդգրկեն: Նոյնիսկ բնութեան պոռթկումները նկատի առած եմ: Օրինակ` ծովու պոռթկումը, անոր տակնուվրայութիւնը, ձուկերու եւ ծովուն մէջ ապրող արարածներու իրարանցումը, այս բոլորը կը ներկայացնեն պատկերներս եւ քանդակներս»:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին 24 պատկերներ եւ 10 քանդակներ: Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Մայիս 29, ամէն օր ժամը 6:00-9:00: