ՀՄԸՄ-ի Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Կ՛ունենայ Նախագահ Սարգսեանի Հետ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` բաղկացած Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանէ, անդամ Բագրատ Եսայեանէ ու Անդօ Պահարեանէ, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեանէ, շնորհաւորական հանդիպում մը ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան նաեւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի ծրագիրներն ու Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի մանրամասնութիւնները:

Scroll Up