Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Վարդգէս Մահտեսեանը
Մայիս 22-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը:
Ողջունելով հիւրը` Սփիւռքի նախարարը նշեց, որ նախարարութեան համար առաջնային խնդիր են Հայաստան-Սփիւռք կապերու պահպանումն ու զարգացումը: «Սփիւռքը բազմերանգ է, բազմաշերտ ու բարդ: Արդիւնաւէտ գործելու համար հարկաւոր է կամք, պատրաստակամութիւն, ինչը մենք ունենք: Պէտք է սկսենք ակտիւ գործել»,-նշեց նախարարը:
Շնորհաւորելով Մխիթար Հայրապետեանը ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնին նշանակուելու առթիւ` Վարդգէս Մահտեսեան ընդգծեց, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը իրենց համար կարեւոր կառոյց է: «Կը շարունակենք մեր գործակցութիւնը, աւելի կը մշակենք այն ու կը սերտացնենք: Թէ՛ Հայաստանի հանրութիւնը, թէ՛ Սփիւռքը նոր կառավարութենէն մեծ ակնկալիքներ ունի: Չափազանց ուրախ եմ, որ աշխարհին ցոյց տուինք մեր միասնականութիւնը, առանց մէկ կաթիլ արեան յաղթահարեցինք դժուարութիւնները: Այսօր ժողովուրդի դէմքին ժպիտ կայ, գոհունակութեան զգացում: Առաւել ուրախ եմ, որ կառավարութեան կազմին մէջ ներգրաւուած են երիտասարդ ուժեր»,-նշեց հիւրը:
Երկուստեք քննարկուեցան նախարարութեան ծրագիրներուն առնչուող հարցեր: Մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրին: Նախարար Մխիթար Հայրապետեան նշեց, որ այս տարի ծրագիրներն իրենց բնականոն հունով կ’ընթանան, հնարաւորութեան պարագային կը կատարուին որոշակի տեխնիկական բարեփոխումներ: «Միւս տարի մեր ծրագրերը փոփոխութիւններ կը կրեն: Մեր բոլոր քայլերը միտուած են լինելու միմիայն աշխատանքի բարելաւմանը»,-ընդգծեց Սփիւռքի նախարարը:
Հանդիպման աւարտին Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը նախարար Մխիթար Հայրապետեանին մաղթեց արդիւնաւէտ աշխատանք եւ սերտ գործակցութիւն Սփիւռքի հետ: