ՀՄԸՄի Սկաուտական Եռօրեայ Բանակում

«Ասպարէզ»– 27էն 29 Ապրիլ շաբաթավերջին, Էքթընի KOA բանակավայրէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային բանակումը, մասնակցութեամբ 154 սկաուտներու՝ արի-արենուշներ եւ գայլիկ-արծուիկներ:

Կը մասնակցէին Սան Ֆրանսիսքոյի, Ուոլնաթ Քրիքի, Սանթա Քլարայի, Ֆրեզնոյի, Լաս Վեկասի, Սան Ֆերնանտօ հովիտի, Լոս Անճելըսի, Կլենտէյլի, Փասատինայի, Ինլընտ Էմփայըրի, Լա Քրեսենթայի եւ Պըրպենքի մասնաճիւղերը:

Բանակումը առիթ հանդիսացաւ, որ ոչ միայն ՀՄԸՄական-սկաուտական ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծուի մասնակիցներուն միջեւ, այլեւ նոր գիտելիքներով օժտուին անոնք, յատկապէս աչքի առջեւ ունենալով, որ նոյն այս սկաուտներէն մեծ խումբ մը Հայաստանի մէջ պիտի մասնակցի ՀամաՀՄԸՄական բանակումին:

Բանակումի խմբապետուհին էր Շարլին Գոզալեանս (Շրջանային սկաուտ խորհուրդէն), իսկ փոխ-խմբապետուհին՝ Քրիսթինա Դաշ-դեմիրեան («Արարատ» մասնաճիւղէն):

Շաբաթ առաւօտուն, դրօշակի արարողութենէն եւ նախաճաշէն ետք տեղի ունեցաւ տարազներու ստուգում եւ պայուսակներու պատրաստութիւն: Ապա տեղի ունեցաւ տողանցքի փորձ, որմէ ետք բանակող սկաուտներուն տրուեցան ՀՄԸՄի կառոյցին, ինչպէս նաեւ բանակումի ղեկավարման եւ կազմակերպման մասին գիտելիքներ:

Կէսօրէն ետք կազմակերպուեցան գործնական դասընթացքներ, հանգոյցներ կազմելու մասին: Տեղի ունեցաւ նաեւ երգեցողութիւն, ապա բանակողներուն տրուեցան լայն տեղեկութիւններ՝ ճամբորդութեանց, բանակավայրի օրէնքներուն եւ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ լեզուական տարբերութիւններու մասին:

Երեկոյեան, բնականաբար տեղի ունեցաւ խարուկահանդէս, սկաուտական ջերմ մթնոլորտի մէջ, ապա՝ կէսգիշերային արշաւ, որ նոր փորձառութիւն մը հանդիսացաւ շատերուն համար:

Յաջորդ օրը՝ Կիրակի, յաւելեալ 90 սկաուտներ միացան բանակումին, միասնաբար ոգեկոչելու համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ տօնախմբելու Մայիս 28ի հարիւրամեակը:

Այս ծիրէն ներս, գայլիկներն ու արծուիկները ձեռային աշխատանքներու միջոցով սորվեցան Ցեղասպանութեան ու համապատասխան յուշարձաններու մասին:

Յատկապէս այս առիթով բանակավայր ժամանած Սերոբ Աբրահամեանն ու Տիգրան Խոտանեանը բանակողներուն ներկայացուցին Հայաստանի ներկայ կացութիւնը եւ թէ ինչո՛վ ատիկա կ՛առնչուի մեր երկրի անկախութեան:

Դարձեալ դաստիարակչական ծիրէն ներս, միաւորի եւ խմբապետական կազմը արի-արենուշներուն սորվեցուցին Քոչարի պարը ու անոր պատմութիւնը:

Կիրակի կէսօրէն ետք, իր աւարտին հասաւ այս օգտաշատ բանակումը:

Scroll Up