Հայաստան Tor Զենիթահրթիռային Համակարգեր Պիտի Գնէ

Հայաստանի հակաօդային պաշտպանութիւնը «Թոռ» զենիթահրթիռային համակարգերով պիտի համալրուի:

Այս մասին յայտնի դարձած է պաշտպանութեան նախարարութեան «Զինուժ» ծրագիրէն:

Համակարգերը պիտի ընդգրկուին Զինուած ուժերու զինանոցին մէջ քանի մը ամսուան ընթացքին:

Գնուելիք համակարգերու յստակ տեսակը եւ քանակը չի նշուիր:

«Թոռ» համակարգերը կը գործածուին 1986 թուականէն: Ունին մինչեւ 12 քմ․ հեռահարութիւն, կը խոցեն մինչեւ 700 մ/վ արագութեամբ շարժուող թիրախները:

Համակարգի Մ2 տեսակը կրնայ խոցել թիրախները նոյնիսկ շարժման ընթացքին, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ օդային հարուածներէն պաշտպանել շարժման մէջ գտնուող զօրամիաւորումներու շարասիւները:

Scroll Up