Հայկական ®«Թագ» Ապրանքանիշի Յուշանուէրները Արդէն Շուկայ Հանուած են

«Պիզնես Արմէնիա»-ի աջակցութեամբ ստեղծուած եւ ®«Թագ» ապրանքանիշով արտադրուած յուշանուէրները արդէն շուկայ հանուած են եւ ներկայացուած 20 վաճառակէտերու մէջ:

«Պիզնես Արմէնիա»-ի հանրային կապերու վարչութեան փոխանցմամբ, յուշանուէրներու խմբաքանակներ արտահանուած են նաեւ Ռուսաստան եւ Միացեալ Նահանգներ: Իսկ Հայաստանի մէջ անոնք ներկայացուած են Ազգային պատկերասրահի, թանգարաններու, յուշանուէրներու խանութներուն մէջ:

«Վաճառակէտերու թիւը յառաջիկային պիտի աւելնայ` ընգդկրելով նաեւ եկեղեցիներուն կից յուշանուէրային սրահները: Բացի այդ, արտահանման շուկան պիտի ընդլայնուի դէպի Գանատա, Ուքրանիա, Ֆրանսա»,- նշած է Պիզնես Արմենիա»-ի Գործարարներու աջակցութեան խումբի ղեկավար Հայկ Միրզոյեան:

«Այժմ կ՛արտադրուին 15 անուն յուշանուէրներ, որոնցմէ ամենամեծ պահանջարկը ունին գլխարկները, շապիկները, թէյերն ու էջանշանները: Զուգահեռաբար աշխատանք կը տարուի առցանց վաճառք ապահովելու համար»,- նշած է «47 տիզայն» ընկերութեան տնօրէն Արսէն Մելիքսէթեան:

Տիգրան Մեծի, Փառանձեմ Թագուհիի, Հայկ Նահապետի, Պարոյր Սկայորդիի, Անահիտ աստուածուհիի պատկերներով յուշանուէրներու արտադրութեան համար յատուկ ստեղծուած է ®«Թագ» ապրանքանիշը, ծրագիրը կ՛իրականացուի պետութիւն-մասնաւոր համագործակցութեամբ, պատկերները մշակած եւ արտադրութիւնը կ՛իրականացնէ «47 տիզայն» ընկերութիւնը:

Հայոց Արքաներու ու Թագուհիներու Պատկերներով Յուշանուէրները Շուկայ Պիտի Հանուին Ապրիլի Կիսուն:

Scroll Up