«Տաթեւիկ Յովհաննիսեան Եւ Բարեկամները» Համերգը՝ Լոս Անճելըսի «Զիփըր» Սրահին Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/05/0000Datevig-LA.jpg)
«Ասպարէզ»- «Հայ Եմ» հիմնարկի եւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան նախաձեռնութեամբ, Կիրակի, Յունիս 17ին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Տաթեւիկ Յովհաննիսեանի եւ անոր ընկերակցող խումբ մը երաժիշտներու համերգը։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող «Զիփըր» համերգասրահին մէջ (200 S Grand Ave., Los Angeles, CA 90012)։
Տաթեւիկ Յովհաննիսեանին պիտի ընկերանան Պապ Ալպանիզ (դաշնակ), Ճօ Ֆիցճերըլտ (պաս) եւ Տէյվ Միտ (հարուածային գործիքներ)։
Տոմսերը կարելի է ապահովել www.itsmyseat.com/Datevik կայքէջէն, կամ «Ապրիլ» գրատունէն (415 E Broadway, Glendale, CA 91205։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, դիմել (818) 395-1969 կամ (818) 538-4911 թիւերուն։