Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄի Հարիւրամեակի Տօնակատարութեան 7 Նախաձեռնութիւնները

«Ասպարէզ»- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը, որ ՀՄԸՄի հիմնադրութեան հարիւրամեակի տօնակատարութիւններուն ընթացք տուած էր համացանցային իւրայատուկ արշաւի մը միջոցով հարիւրամեակի արշաւին լաւագոյն խորհրդանիշը ընտրելով, յաւելեալ նախաձեռնութիւններով պիտի նշէ պատմական այս հանգրուանը։

Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեան կը յայտնէ, թէ վերջին 100 տարիներուն հարիւր հազարաւոր հայ պատանիներ ու երիտասարդներ իր սկաուտական, մարզական եւ ղակավարման ծրագիրներով դաստիարակած այս կազմակերպութիւնը, Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ իր գործունէութիւնը հաստատօրէն կը շարունակէ 19 մասնաճիւղներուն միջոցաւ՝ ամրապնդելով նոր սերունդին կապերը հայկական ժառանգութեան եւ մշակոյթին հետ։

Հարիւրամեակի տօնակատարութիւններուն մեկնարկը պիտի հանդիսանայ Յունիս 23ին կայանալիք երիտասարդական խորհրդաժողովը, որ պիտի կայանայ «Ուուտպըրի» համալսարանին մէջ։ Միօրեայ այս խորհրդաժողովը ի մի պիտի բերէ տարբեր մարզերէ մասնագէտներ եւ քաղաքական պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր երիտասարդներ, քննարկելու համար ընդհանրապէս երիտասարդութեան եւ յատկապէս ՀՄԸՄին, Հայկական Հարցին ու հայ համայնքին առնչուող հարցեր եւ երիտասարդութիւնը աշխոյժ մասնակցութեան մղելու կարելիութիւններ։

Սեպտեմբեր 16ին, Կլենտէյլի Հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ բացումը տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄի պատմութեան նուիրուած ցուցահանդէսին, իսկ նոյն օրը, քաղաքի Կեդրոնական զբօսայգիին մէջ տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային փառատօն մը՝ միասնաբար տօնելու ՀՄԸՄի հարիւրամեակը։

Հարիւրամեակի պաշտօնական արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան Հոկտեմբեր 5ին (Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ մէջ) եւ Հոկտեմբեր 28ին, Կլենտէյլի Հանրային երկրորդական վարժարանը։

Նշեալներուն կողքին, Նաւասարդեան 43րդ խաղերը պիտի կայանան Յուլիս 3-7ին, իսկ աւանդական Յաղթանակի պարահանդէսը՝ Յուլիս 1ին։

Յիշեցնենք, որ վերոնշեալ համացանցային արշաւին շնորհիւ որդեգրուած էր «#WeAre100»ը՝ իբրեւ հարիւրամեակի տօնակատարութեան պաշտօնական խոր-հրդանիշ, որ մաս կը կազմէ այս տարուան ընթացքին շրջանին մէջ իրականացուելիք ՀՄԸՄի հարիւրամեակի տօնակատարութեանց, համացանցային կարծիքներու փոխանակումներուն ու արշաւներուն:

Ներկայիս, աշխատանք կը տարուի հարիւրամեակին առիթով համացանցային յատուկ կայք մը հաստատելու՝ www.WeAre100.info հասցէով:

Հարիւրամեակի նախաձեռնութեանց մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել

www.facebook.com/

HomenetmenUSAWR կայքէջը,

կամ «Instagram»ի միջոցաւ՝

@Homenetmen_Western_USA։

Scroll Up