Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Մատենադարանին Նուիրաբերեց Արժէքաւոր Ձեռագիր
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/05/մատենադարան.jpg)
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին նուիրաբերեց 14-20-րդ դարերու 27 արժէքաւոր ձեռագիրներ: Ատոնց մէջ են Ծիսական գիրքեր, ժողովածուներ, Սաղմոսարան, Գանձարան, Աւետարան: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ` յանձնման արարողութիւնը կայացաւ մայիս 17-ին:
«Հանրապետութեան 100-ամեակը լաւագոյն առիթ էր, որ այս ձեռագիրները գային իրենց «նստավայր»` Մատենադարան: Ձեռագիրները մինչ այժմ պահպանուած են Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ: Ամէն ձեռագիր իր պատմութիւնն ունի: Ասոնք հայ մտքի եւ արուեստի լաւագոյն նմուշներ են: Մատենադարանին յանձնած այդ գիրքերն ունին 600 տարուան կենսագրութիւն` 14-րդ դարէն մինչեւ 20-րդ դար: Ատոնք կ՛արձանագրեն մեր ծիսակատարութիւններն ու կանոնակարգերը, աւանդութիւններն ու դաւանանքը»,-ըսաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանն ու աւելցուց, որ Մատենադարանը ցուցանմուշներու ներկայացման սովորական վայր չէ: Այստեղ հայութեան ազգային գանձարանը ոչ միայն կը պահպանուի, այլ նաեւ կ՛ուսումնասիրուի:
Մատենադարանի գլխաւոր աւանդապահ Գէորգ Տէր-Վարդանեանի խօսքով` այս նուիրատուութիւնը կ՛առանձնանայ անով, որ բոլոր ձեռագիրները զուտ հայերէն են եւ առաւելապէս միջնադարեան ձեռագիրներու արժէքաւոր նմուշներ: «Ստացած ենք 27 ձեռագիր եւ 1 փոքրիկ ձեռագրացուցակ: Հնագոյն ձեռագիրը 1430 թուականին Աղթամարի մէջ Թովմա գրչի ձեռքով գրուած մանրուսմունքն է` Կացրդարանը: Թէկուզ այն վնասուած է, բայց բարեբախտաբար գլխաւոր Յիշատակարանն ամբողջապէս պահպանուած է: Յիշատակարանի որեւէ տեղեկութիւն մինչ այժմ գիտական գրականութեան մէջ օգտագործուած չէ եղած: Տեղեկութիւնները թէ պատմական են, թէ ազգային խնդիրներուն վերաբերող»,-ըսաւ ան:
Ժամանակագրօրէն երկրորդը 1489 թուականի Սարգիս Շնորհալի «Մեկնութիւն Կաթողիկա թղթոց» երկի հսկայածաւալ ձեռագիրն է, այնուհետեւ` 15-րդ դարու Գանձարանը, 1574 թուականի Աւետարան մը, 1663 թուականի Սաղմոսարան, 17-րդ դարու երեք ձեռագիրներ եւ այլն: ձեռագիրները տարբեր տեղերէ հասած են Պէյրութ: Որոշ պարագաներու մէջ առանձին մտաւորականներ եղած են նուիրողները: Ատոնք ուսումնասիրուած չեն: Գէորգ Տէր-Վարդանեանի կարծիքով` լուրջ ուսումնասիրութեան կարիքը ունին: Ապահովութեան համար ատոնք ախտահանած են, իսկ վերականգնման աշխատանքներն ըստ անհրաժեշտութեան անպայման կ՛ըլլան յառաջիկային:
Տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեանի փաստմամբ` Մատենադարանը վերջին 60-70 տարիներուն ընթացքին իր ձեռագրական ժառանգութիւնը եռապատկած եւ քառապատկած է: Եւ այս ամէնը նուիրատուներու, բարերարներու, ազգային կազմակերպութիւններու շնորհիւ: Ձեռագրահաւաքին մասնակցած են բազմաթիւ մեր հայրենակիցներ` աշխարհի տարբեր անկիւններէ: Եւ ատոնք կեդրոնացած են ամենաապահով վայրին` Մատենադարանին մէջ: Այստեղ այդ ձեռագիրները շատ ապահով ձեւով կը պահուին, ըստ անհրաժեշտութեան կը խնամուին եւ վերականգնուին: Բացի այդ, ատոնք կ՛ուսումնասիրեն լաւագոյն մասնագէտները: Տէր-Ղեւոնդեանն այս նուիրատուութիւնը որակեց վերջին 15 տարիներուն ամենամեծ միանուագ նուիրատուութիւնը: Վստահեցուց` ատոնք իրենց պատուաւոր տեղը պիտի գտնեն Մատենադարանի հարուստ ժառանգութեան մէջ: