Նիւ Եորքի Մէջ.- Համազգայինի 90-ամեակի Տօնակատարութիւն

«Հայրենիք»- Մայիս 28, 1928 թուականին, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան տասնամեակին առթիւ, Գահիրէի մէջ հիմնադրուեցաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը:
Համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակի տօնակատարուիւնը տեղի ունեցաւ Մայիս 6-ին, Նիւ Եորքի Հայ Կեդրոնին մէջ։ Ներկայ էին Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւ, Արժանապատիւ Տէր Մեսրոպ Լագիսեան, Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Հրայր Պարոնեան, Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ՝ Յասմիկ Աբրահամեան, Հ.Օ.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ՜ Սօնիա Պզտիկեան եւ քաջալերող եւ խանդավառ հասարակութիւն մը:
Ձեռնարկի բացումը կատարեց միութեան ատենապետ Հրանդ Մարգարեանը, որ յայտնեց.- ՝՝Այսօր կը լրանայ Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղի հիմնադրութեան յիսուներորդ տարին: Մասնաճիւղին յիսնամեակը նշուեցաւ քառօրեայ ծրագրով, անցեալ տարի Մայիս 4-էն 7: Ծրագիրը նուիրուած էր՝ Արցախի պաշտպանողական դիրքերուն ծառայող զինուորներուն՝ արեան-հոսք-կասեցնող սարքերու հայթայթման: Առ այդ, ձեռնարկներէն գոյացած $25 հազարտոլարը ամբողջութեամբ յատկացուեցաւ այդ նպատակին: Այսօր կը սկսի Համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակի տօնակատարութեան տարին՛՛:
Մարգարեան հրաւիրեց մասնաճիւղի փոխատենապետուհի՝ Նայտա Ոսկերիչեանը որ յայտագրին ընթացք տայ: Ընկերուհին ողջունեց ներկաներուն, ապա կարդաց Լոս Անճելըսէն հրաւիրուած դասախօս՝ Սարօ Նազարեանի կենսագրականը:
Նազարեան սահիկներու գործածութեամբ, բովանդակալից եւ հետաքրքիր ձեւով ներկաներուն ներկայացուց Համազգայինի 90 տարուայ պատմութիւնը՝ անցեալը, ներկան եւ յառաջիկայի կատարելիքները։ Ան կեդրոնացաւ եւ լայն տեղեկութիւններ տուաւ հիմնադիր անդամներէն՝ Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի եւ Համօ Օհանջանեանի մասին: Շարժանկարներու օժանդակութեամբ ներկայացուց իրենց կեանքէն դրւագներ: Ան ներկայացուց Շանթի եւ Աղբալեանի աշակերտներու տեսակէտներն ու կարծիքները, իրենց ուսուցիչներու մասին: Ան սեղմ տողերու մէջ, նաեւ նշեց անոնց գործունէութեանց մասին, յատկապէս Նշան Փալանճեան ճեմարանի կապակցութեամբ: Շանթի, Աղբալեանի եւ Օհանջանեանի կողքին, դասախօսը նշեց մնացեալ հիմնադիր գործընկերներու անունները: Համապարփակ տեղեկութիւնները ներկաներուն աւելի ծանօթացուցին հիմնադիր մեծերու տեսլականին՝ որն է Համազգայինը, որ ներկայիս մշակութային եւ կրթական ծաւալուն աշխատանք կը տանի Սփիւռքի տարածքին:
Այնուհետեւ ծրագիրը շարունակւեց գեղարւեստական յայտագրով ղեկավարութեամբ Ատրինէ Ստեփանեանի։ ՛՛Սասունցիների Պար՝՝ ասմունքով երիտասարդ Արմին Մինասեան ներկաներուն մատուցեց հայրենասիրական շունչ ու հոգի, որմէ ետք Անահիտ Ինջիգուլեան իր հրեշտակային ձայնով երգեց ՝՝Կարօտ՝՝ եւ ՝՝Երեւան՝՝ երգերը հմայիչ մենակատարութեամբ։
Այնուհետեւ Նիւ Եորքի մասնաճիւղի նորակազմ պարախումբը իր անդրանիկ ելոյթը կատարեց ղեկավարութեամբ պարուսոյցներ՝ Արմին եւ Լուսին Մինասեաններներու: Ներկաները վայելեցին հայկական պարի հեզութիւն եւ առնականութիւնը պարունակող վայրկեաններ։ Մենակատարութեան իր հեզաճկուն պարային շարժումներով հանդէս եկաւ Լուսին Մինասեանը։ Փոքրերու խումբէն կը պարէին Անուշ Ազիզեան, Սեպուհ Քեչելեան, Յարութ Թաշճեան, Տաթեւ Մանուկեան, Արթուր Պատալեան, Սոֆիա Խուրմաթեան եւ Տանիէլա։ Իսկ մեծերու խումբէն ելոյթ ոււնեցան Սալբի Քեչելեան, Թալին Լագիսեան, Անժելինա Եգորեան եւ պարուսոյցներ՝ Արմին եւ Լուսին Մինասեան։
Հանդիսատեսը մեծ խանդավառութեամբ եւ ծափողջոյններով գնահատեց պարային ելոյթները: Պարախումբի կազմութիւնը նոր ոստում մըն է Նիւ Եորքի Համազգայինին համար: Արդարեւ որպէս անդրանիկ ելոյթ, պարախումբը հաւաստիքը տուաւ որ ապագային աւելի լայն ծրագրերով պիտի ներկայանայ հանրութեան: Կը մնայ քաջալերել որ այս մատղաշ սերունդը կառչած պահել դարերէն մեզի հասած հայկական պարէն թելադրուած վեհութիւններուն: Մեծ ՝՝Ապրիք՝՝ մը՝ թէ՛ պարողներուն եւ թէ՛ մանաւանդ պարուսոյցներուն:
Խանդավառ եւ բովանդակալից երեկոյի եզրափակիչ խօսքն ու օրհնանքն արտայայտեց Տէր Մեսրոպ Լագիսեան։ Ան իր գոհունակութիւնն ու շնորհաւորանքներն յայտնեց դասախօսին եւ միութեան ունեցած բոլոր ծրագրերուն։ Ան աւելացուց, որ հպարտ կը զգայ տեսնելով նոր սերունդի մասնակցութիւնը մշակութային ձեռնարկներու: Ծրագրի պաշտօնական բաժինը աւարտելէ ետք, միութեան անդամներն եւ հիւրերը 90-ամեակի կարկանդակը հատեցին։