Մեսրոպեանը` Լիբանանի Ճատրակի Ախոյեան

Ճատրակի համալիբանանեան մրցումներուն միշտ փայլուն արդիւնքներ արձանագրած Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները անցած շաբաթավերջին կատարեցին աննախընթաց իրագործում մը` շահելով այս տարեշրջանի Լիբանանի դպրոցական ախոյեանութեան խմբային առաջնութիւնը:

Մեսրոպեանը հանդիսացաւ Լիբանանի դպրոցական ճատրակի ախոյեան, իր ետին ձգելով լիբանանեան 56 դպրոցներ: Մեր վարժարանի հաւաքականը կը բաղկանար 8 աշակերտներէ` Ճիօ եւ Կի Գալուստ, Նանոր եւ Նայիրի Առնէլեան, Կարօ Գալֆայեան, Արեգ Ճենանեան, Շարպէլ Ստեփան եւ Մարք Կիւլկիւլեան: Տարիքային համապատասխան խումբերու մէջ` Ճիօ եւ Նանnր հանդիսացան առաջին, Կարօ` երկրորդ եւ Կի` երրորդ: Մրցումին մասնակցեցան 257 աշակերտներ` լիբանանեան տարբեր շրջաններու դպրոցներէն:

Սոյն իրագործումին մէջ իրենց ներդրումը ունին ճատրակի վաստակաւոր մարզիչ պարոն Էլի Ուլիշեան, մեր աշակերտներու ծնողները` իրենց զաւակներուն զօրակցելով եւ Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը` ցոյց տրուած հետեւողական քաջալերանքով:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Scroll Up