Քննարկուած Են Երեւանի ՄԷջ Կայանալիք Տեղեկատուական Արհեստագիտութիւններու Համաշխարհային Համաժողովի Կազմակերպման Առնչուող Հարցեր

Նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր ընդունած է Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ ծառայութիւններու համաշխարհային ալեանսի (WITSA) նախագահ Իւոն Չունը եւ գլխաւոր քարտուղար Ճիմ Փոյզանթը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են 2019 թուականին Երեւանի մէջ կայանալիք Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովի (World Congress on Information Technologies-WCIT) կազմակերպման առնչուող հարցեր:
Նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտը Հայաստանի տնտեսութեան առաջնահերթութիւններէն է եւ ունի զարգացման մեծ ներուժ:
Տիկին Չուն իր հերթին նշած է, որ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ ծառայութիւննրու համաշխարհային ալեանսը շահագրգռուած է Հայաստանի կառավարութեան հետ սերտ համագործակցութեամբ: