Սփիւռքի Նորանշանակ Նախարարը Երկպալատանի Խորհրդարան Ստեղծելու Առաջարկ Ներկայացուցած է
ՀՀ սփիւռքի նորանշանակ նախարար Մխիթար Հայրապետեան կ՝առաջարկէ երկպալատանի խորհրդարան ստեղծել, որոնցմէ մէկուն մէջ ներկայացուած ըլլան միայն Սփիւռքի ներկայացուցիչները։
«Յառաջիկային պիտի փորձեմ անդրադառնալ այդ հարցին։ Ասիկա միանձնեայ որոշում չի կրնար ըլլալ։ Մեր քաղաքական աշխատակազմի ծրագիրին մէջ ներառուած այդ գաղափարը պէտք է քննարկուի, նորացուի ու համաձայնեցուի։ Ես իմ աշխատակազմին հետ այդ գաղափարի ակունքներուն մէջ կանգնած էի»,- ըստ Sputnik Արմէնիա-ի ըսած է Հայրապետեան։
Անոր խօսքով` ատիկա Սփիւռքի հետ համագործակցելու ու Սփիւռքին հարցերու ընդունման գործընթացին մէջ ներառելու ճիշդ ուղի է։ Ան աւելցուցած է, որ կարելի չէ միանշանակ պնդել, որ նախաձեռնութիւնը պիտի ներառուի կառավարութեան ծրագիրին մէջ։ «Բայց ես առաջ պիտի տանիմ այդ գաղափարը։ Ատիկա մեր ծրագրային կարեւորագոյն կէտերէն էր»,- ըսած է Հայրապետեան։
Նախարարը նշած է, որ նախարարութիւնը առաջարկներ պիտի ընդունի Սփիւռքի ներկայացուցիչներէն նաեւ այդ հարցով։ Այդ պատճառով չի բացառուիր, որ բուն նախաձեռնութեան մէջ փոփոխութիւններ ըլլան։
Անոր խօսքով` խորհրդարանի ներկայացուցիչները պէտք է ընտրուին գաղթօճախներու մէջ։
Նշենք, որ Սփիւռքի նոր նախարարը նշանակուած է Մայիս 11-ին։ Այս պաշտօնով ան պիտի փոխարինէ նախկին նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը։ Մխիթար Հայրապետեան՝ նոր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան մէջ ամենաերիտասարդ նախարարն է, ան 28 տարեկան է: