Վրաստանի ՄԷջ Պատահարի Հետեւանքով Տուժած Են ՀՀ Քաղաքացիներ

Մայիս 13-ին ժամը 22:24-ի սահմաններուն Մցխեթա-Թիֆլիս ճանապարհին` Մցխեթա քաղաքին մօտ տեղի ունեցած է ճանապարհային պատահար. իրար բախուած են «Mercedes» եւ «Nissan» մակնիշի մեքենաներ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան մամլոյ ծառայութենէն, պատահարի հետեւանքով տուժած են ՀՀ քաղաքացիներ Մայիս Կարոյեանը (1978թ.) եւ Անոյշ Դալալեանը (1977թ.): Վերջիններս տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած են Մցխեթայի քաղաքային հիւանդանոց:
Կը յայտնենք, որ Մայիս Կարոյեանը արդէն դուրս գրուած է հիւանդանոցէն, իսկ Անոյշ Դալալեանին այս պահուն կը վիրահատեն:
Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը մշտական կապ կը պահպանէ բժիշկներուն հետ եւ տուժողի առողջական վիճակի վերաբերեալ կը տրամադրէ յաւելեալ տեղեկատուութիւն: