«Անկախութեան Այբուբեն». Մանրանկարչական Համահայկական Ցուցահանդէսի Յայտարարութիւն

«Հայկական մանրանկարչութեան կեդրոն» հիմնադրամը Մանկական ցուցահանդէսներ ծրագրի ծիրէն ներս «Անկախութեան այբուբեն» խորագիրի ներքոյ կը կազմակերպէ համահայկական մանկական ցուցահանդէսներ` նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին:

Ցուցահանդէսներուն մասնակից կրնան  դառնալ հայ դպրոցականները` հայոց այբուբենի մանրանկարչութեան կիրառութեամբ, որմով կ՛ամրագրուի այբուբենի ու մայրենիի բացառիկ կարեւորութիւնը` այբուբենի, միջնադարեան հայկական մանրանկարչութեան նորօրեայ կիրառութեամբ, այս ոլորտին մէջ հեղինակային դերակատարութեան առաջին փորձով: Երեխաները կը մասնակցին անկախութեան տօնին եւ կը նշեն հայոց պետականութեան վերականգնման բացառիկ իրադարձութիւնը:

Մեկնարկը կը տրուի սեպտեմբեր 21-ին «Զօրավար Անդրանիկ» թանգարանին մէջ կայանալիք ցուցահանդէսով, մեր կեդրոնի եւ ծրագիրի ծիրէն ներս գործընկեր «Վիվարտ» մշակութային կազմակերպութեան կողմէ` Արցախեան պատերազմի մասնակից ազտամարտիկներու` 100 խորհրդանշական թիւով երեխաներու մասնակցութեամբ:

Ցուցահանդէսի մասնակից լաւագոյն աշխատանք ներկայացուցած երեխաները կը ստանան պատուոգիրներ` համահայկական աւարտական փուլին մասնակցելու: Սիրով կը սպասենք հայ դպրոցականներու աշխոյժ մասնակցութիւնը:

Ցուցահանդէսներուն մասնակցութեան յայտագրման եւ առաւել մանրամասն տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել գրասենեակ` Թումանեան 8, 514 սենեակ, կամ զանգահարել հետեւեալ հեռախօսահամարներով` (+374)10- 54-00-13, (093) 03-84-93:

Յարգանքով` ՀՄԿՀ տնօրէնութեան ծրագիրներու բաժին
պաշտօնական գործընկեր` «Վիվարտ» մշակութային հասարակական կազմակերպութիւն

 

Scroll Up