Հայաստանի Մէջ Հոյամողէզներու Այգի Կը Բացուի

Մայիս 12-ին, ժամը` 13:00-ին, Հայաստանի մէջ պաշտօնապէս կը բացուի նմանատիպը չունեցող Dinosaur-ի այգի` «Դինոլենդ»: Այգիին մէջ ցուցադրուած են հոյամողէզներու պատկերաւոր նմուշներ մինչեւ 7 մեթր հասակով:

Պատկերաւոր նմուշները կը շարժին, կը շնչեն,կը  թարթեն, ձայներ կը հանեն, անգամ ձու կ՛ածեն: Կայ նաեւ օրինակ, որուն հեծնել կարելի է զբօսնել «Դինոլենդով», ուր պատմութեան անիւը ետ  պտտած է 65 միլիոն տարիով:

Խումբերու համար կը կազմակերպուին ճանաչողական շրջագայութիւններ:

«Դինոլենդ»-ը կը գտնուի Երեւան-Արտաշատ մայրուղիի 1-ին քիլոմեթրի վրայ:

Scroll Up