Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի Այցելութիւն՝ Ազգային Բուժարանի
Համբարձման օրը, Հինգշաբթի առաւօտ, Մայիս 10ին, Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, Նախագահ՝ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Ազունիէի Ազգային Բուժարանին: Ընկերակցութեամբ այլ Հայ Աւետ. հովիւներու, Վեր. Գարակէօզեանը դիմաւորուեցաւ ծաղկեփունջով մը՝ Բուժարանի Խնամակալութեան, Տնօրէնութեան եւ պաշտօնէութեան կողմէն:
Նախագահին այցելութիւնը նաեւ առիթ տուաւ որ Մ.Ա.Հ.Ա.Ե. Միութիւնը նուիրէ 45 մեծատառ Աստուածաշունչ մատեաններ ամէն մէկ սենեակին համար: Տնօրէն Պրն. Տիգրան Պոյաճեանը, եւ Խնամակալութեան Ատենապետուհի Տիկ. Թալին Գլպաշեան մեծ գոհունակութեամբ ընդունեցին այս նուէրը, գնահատելով անոր խոր իմաստը տարեցներուն հոգեւոր սնունդ տալու համար:
Վեր. Գարակէօզեանը այցելեց տարեցները իրենց սենեակներուն մէջ, զանոնք քաջալերեց, եւ նաեւ լսեց իրենց երգերը, արտասանութիւնները, եւ շնորհակալական խօսքերը: Ապա խումբը ուղղուեցաւ դէպի մատուռ, ուր Վեր. Գարակէօզեան աղօթք մատուց Աստուծոյ, խնդրելով անոր պահպանութիւնը եւ ոյժը՝ հաստատութեան եւ անոր մէջ ծառայող անձնակազմին եւ կամաւորներուն: Խումբը նաեւ միասնաբար Տէրունական Աղօթքը արտասանեց:
Հայ Աւետարանական ներկայացուցիչները հիւրասիրուեցան, եւ ունեցան սիրալիր եւ անկեծ զրոյցներ՝ Բուժարանի բարեզարդման, ապագայի ծրագիրերուն, ինչպէս նաեւ հայ գաղութին նեցուկին մասին: Պրն. Պոյաճեան՝ Բուժարանի կողմէն, Վեր. Գարակէօզեանի նուիրեց զարդարուն սեղանի ժամացոյց մը առ ի գնահատանք տարիներու ընթացքին Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու ցուցաբերած կարեկցութեան համար: