Հայաստանի Եւ Վրաստանի Վարչապետները Հեռախօսազրոյց Ունեցած Են
Հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ` Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետներու միջեւ կայացած է հեռախօսազրոյց:
Վրաստանի վարչապետ Գիորգի Կվիրիկաշուիլին Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ ընտրուելու կապակցութեամբ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան մամլոյ ծառայութենէն, կողմերն ընդգծած են երկու երկիրներու միջեւ առկայ աւանդական բարիդրացիական յարաբերութիւններու առաւել խորացման կարեւորութիւնը:
Հայաստանի վարչապետն, իր հերթին նշած է, որ Վրաստանի եւ Հայաստանի համագործակցութիւնը պէտք է զարգանայ աշխարհաքաղաքական գործօններէն զատ: Անոր խօսքով` կարեւոր է, երկկողմ տնտեսական համագործակցութիւնը համապատասխանէ երկու երկիրներու միջեւ առկայ առանձնայատուկ կապերուն:
Գիորգի Կվիրիկաշուիլին Նիկոլ Փաշինեանը հրաւիրած է Վրաստան եւ եւս մէկ անգամ պատրաստակամութիւն յայտնած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ: