Շուշին Մշակութային Մայրաքաղաք Կը Դառնայ. Կարօ Քեպապճեան

Շուշին տարիէ տարի կը դառնայ համայն հայութեան մշակութային մայրաքաղաքը:
Այս մասին «Արցախպրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսած է Մերձաւոր Արեւելքի ԱՀ ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանը:
Ան նշած է, որ բերադաքաղաքն օր-օրի կը զարգանայ. կը բացուին նոր մշակութային եւ կրթական օճախներ, կը կառուցուին շէնքեր ու շինութիւններ:
«Իւրաքանչիւր հայ պէտք է իր ներդրումն ունենայ Շուշիի կերտման գործին, որպէսզի աւերուած քաղաքէն հետք անգամ չմնայ: Ուրախալին այն է, որ օրէ օր կ՛աւելնան քաղաքին մէջ ապրողներու թիւը. սա է 26 տարիներու ամենամեծ ձեռքբերումը»,- ըսած է Կ. Քեպապճեան: