Լաս Վեկասի Մէջ 5000 Տոլար Կը Հաւաքուի Հայ Վիրաւոր Հերոսներու Հիմնադրամին Համար

Ասպարէզ- Լաս Վեկասի հայութեան ներկայացուցիչները Ապրիլ 22ին հաւաքուեցան քաղաքի «Սանսեթ» զբօսայգիին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ, դիմաւորելու համար քաղաք այցելող Հայաստանի բանակի «մայոր» Սարգիս Ստեփանեանն ու Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը, ինչպէս նաեւ Հայ վիրաւոր հերոսներու հիմնադրամի (Armenian Wounded Heroes Fund) ներկայացուցիչ Ռազմիկ Արզումանեանը։
Լաս Վեկասի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեան բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն՝ անոնց ներկայացնելով քաղաքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով յուշարձան մը հաստատելու համար համայնքին տարած ջանքերը։
Ապա ներկաները ծաղիներ խոնարհեցին յուշարձանին դիմաց եւ մեկնեցան դէպի Ս. Կիրակոս Հայց. առաքելական եկեղեցի, ուր համայնքային հաւաք կազմակերպուած էր քաղաքի ՀԲԸՄի մասնաճիւղին կողմէ։
Միքայէլ Յովհաննէսեան ողջունեց ներկաները եւ բեմ հրաւիրեց Ռոպերթ Աւետիսեանը, որ իր կարգին դրուատեց Հայ վիրաւոր հերոսներու հիմնադրամին տարած բարեսիրական աշխատանքները։ Իսկ Սարգիս Ստեփանեան ներկաներուն հետ բաժնեց իր անցուցած փորձառութիւնները։ Ան 2014ին, Արցախ-Ատրպէյճան սահմանին վրայ տեղի ունեցած ականի մը պայթումէն կորսնցուցած էր երկու սրունքները եւ աջ թեւը: Ան այժմ կը շարունակէ մաս կազմել հայկական բանակին՝ խոհրդատուական սպասարկութիւններ մատուցելով վիրաւորուած զինուորներուն։
Այնուհետեւ, Ռազմիկ Արզումանեան եւս խօսեցաւ Հայ վիրաւոր հերոսներու հիմնադրամին տարած գործունէութեան մասին։ Այս կազմակերպութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ անոր աջակցելու համար, այցելել www.ArmenianWoundedHeroes.com կայքը։
Աւարտին, հիւրերը պատասխանեցին ներկաները յուզող հարցումներուն, իսկ տեղւոյն վրայ կատարուած հանգանակութենէն կարելի եղաւ գոյացնել 5000 տոլարի աջակցութիւն մը։