Հայաստան-Ատրպէյճան Սահմանը Խախտելու Փորձի Ժամանակ Հայ Դիրքապահներու Կողմէ Ձերբակալուած Է Վեց Անձ

ՀՀ-Ատրպէյճան սահմանը խախտելու փորձի ժամանակ մայիս 7-ի լոյս 8-ի գիշերը հայ դիրքապահներուն կողմէ ձերբակալուած է օտարերկրեայ վեց անձ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին կը  յայտնէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան: «Այլ մանրամասները յաջորդիւ»,-կը նշէ Յովհաննիսեան:

«Արմէնփրես»-ը յաջողեցաւ ճշդել, որ օտարերկրացիները փորձած են Ատրպէյճանի կողմէ սահմանն ապօրինի հատելով անցնիլ ՀՀ տարածք:

Scroll Up