Տեղի Կ’ունենայ 89-րդ Թամանեան Հայկական Բաժանմունքի Վարած Մարտերէն Մէկուն Վերակերտումը

Հայրենական մեծ պատերազմի 73-ամեակի կապակցութեամբ «Երիտասարդ համալսարանականներու միաւորում» ՀԿ-ն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան, Հայաստանի վետերաններու միաւորման ու Հայաստանի Ազգային կինոկեդրոնի աջակցութեամբ Յաղթանակ զբօսայգիի տարածքին մէջ` «Մայր Հայաստան» թանգարանին մօտ, 2018թ. մայիս 4-ին ժամը 13:00-ին  կը կազմակերպէ 89-րդ Թամանեան հայկական բաժանմունքի վարած մարտերէն մէկուն վերակերտումը:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն «Երիտասարդ համալսարանականներու միաւորում» հասարակական կազմակերպութենէն, կը նախատեսուի ներկայացնել Հայրենական մեծ պատերազմի  մարտի փոքրիկ դրուագ, որուն մասնակիցները կը կրեն այդ ժամանակին բնորոշ զինուորական հագուստներ եւ զէնքեր:

Ձեռնարկին կը մասնակցին Հայրենական մեծ պատերազմի եւ Արցախեան ազատամարտի վետերաններ, պետական եւ հասարակական գործիչներ, Երեւանի մէջ գործող համալսարաններու եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

 

Scroll Up