ՀՄԸՄ Հանդիսացաւ Լիբանանի Բաժակակիր` 77-70 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Ռիատիին
Ազդակ- Լիբանանի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, որ երէկ գիշեր իրարու դէմ հանեց ՀՄԸՄ-ը եւ Ռիատի Պէյրութը, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի տինամիք կազմին փայլուն յաղթանակով: ՀՄԸՄ 77-70 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը:
Լիբանանի պասքեթպոլի 2018 տարուան բաժակի մրցաշարքի աւարտականի ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, Զուքի «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ` ներկայութեամբ մեծաթիւ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն:
Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ գովասանքի եւ քաջալերանքի խօսքը կ՛երթայ ՀՄԸՄ-ի հազարաւոր համակիրներուն, որոնք մրցումին ազդանշանին տրուելէն քանի մը ժամ առաջ ուղղուեցան դաշտ` քաջալերելու համար իրենց կազմը:
Աւարտին անոնք վայելեցին փառաւոր յաղթանակ մը` նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ հանդիսացաւ Լիբանանի բաժակակիր` 77-70 (21-15, 17-15, 19-24 եւ 20-16) արդիւնքով յաղթելէ ետք Ռիատիի, որուն համակիրները երկու առիթով փորձեցին խանգարել մրցումին ընթացքը, իսկ աւարտին անոնք կոտրեցին նաեւ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին քամերաները:
ՀՄԸՄ-էն բաւական տպաւորիչ ելոյթ ունեցան անխտիր բոլոր մարզիկները, որոնք յաջողեցան բաւական նեղ կացութեան մատնել մրցակից կազմին մարզիկները, որոնք կատարեցին մեծ թիւով թըրն-օվըրներ (17), ֆաուլեր (18) եւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն ստացան 5 պլոք շաթ:
ՀՄԸՄ մրցումին տեւողութեան ունեցաւ նոյնիսկ 12 կէտի առաւելութիւն մը (15-3):
Օրուան իրաւարարներն էին Ռապահ Նըժէյմ, Ատել Խուէյրի եւ Զիատ Թաննուս:
Աւարտին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա եւ ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք կատարեցին մրցանակաբաշխութիւնը:
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը` այս իրագործումին առիթով:
Լուսանկարները տրամադրեց
PROFOTO