Ապրիլեան Յաղթական Վերապրում Շաբաթօրեայ վարժարանէն Ներս
24 Ապրիլեան ոգեկոչում մը երբեք այնքան յաղթական նկարագիր չէր ունեցած ԱՄՆ-ի Քալիֆորնիա նահանգի Փասատենա հայաշատ քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանէն ներս, որքան այս տարի կատարուած յատուկ յայտագիրը: Այս տարի սեւին փոխարինած էր յոյսի դեղինը, իսկ «Տէ’ր, Ողորմեա’»յին փոխարինած էր ծառատունկի ծրագիր: Այս մասին կը հաղորդէ Նորայր Տատուրեան` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Շաբաթօրեայ Վարժարանի տնօրէն:
21 Ապրիլ 2018, Շաբաթ օր, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանը երկփուլ ծրագիր մը ունեցաւ ապրիլեան զոհերը ոգեկոչելու համար: Առաւօտուն վարժարանի 40 աշակերտները, ինչպէս նաեւ աւագ վարժարան յաճախող կամաւոր օգնականները եւ ուսուցչակազմը ստացան գաղութիս աշակերտութեան համար պատրաստուած դեղին շապիկները: Այդ պահուն տօնական ըլլալու չափ բարձր տրամադրութիւն ստեղծուած էր հանդիսասրահին մէջ: Ապա սկսաւ յայտագրի առաջին բաժինը: Դպրոց հիւր եկած էր ATP (Armenian Tree Project) կազմակերպութեան հանրային կապերու ներկայացուցիչ՝ Տիկին Անահիտ Ղարիպեանը: Ան նախ խօսեցաւ կազմակերպութեան առաքելութեան մասին, ապա ցոյց տուաւ վաւերագրական շարժապատկեր մը, ուր սփիւռքահայ աշակերտներ ծառ կը տնկէին Հայաստանի մէջ: Տիկին Ղարիպեանը փոքրիկները զարմացուց ըսելով, թէ ATP-ն այս ամառ հայրենիքի մէջ տնկած պիտի ըլլայ իր 6 միլիոներորդ ծառը: Ան նաեւ յայտարարեց նոր անտառի մը՝ Դրաստամատ Կանայեանի անուան անտառի հաստատումը Հայաստանի մէջ: Այդ պահուն, աւագ դասարանի աշակերտուհի Լուսինէ Քէհքէճեանը ընթերցեց իր գրի առած կենսագրականը, նուիրուած քաղաքագէտ-զինուորական Դրոյին: Իսկ փոքր դասարանի աշակերտները արտասանեցին հայրենաշունչ քառեակներ: Այս բաժնի աւարտին աշակերտները «Իմ տոլարս» կոչուած դրամահաւաք մը կատարեցին, որպէսզի ATP-ն անոնց անունով ծառ տնկէ հայրենիքի մէջ:
Երկրորդ փուլը քաղաքիս «Մեմորիըլ Փարք»-ի մէջ էր: Հոն, աշակերտները ծաղիկներ բռնած սկսան Տէրունական աղօքթը երգել եւ քալել դէպի հայկական ցեղասպանութեան յուշարձանը: Ծաղիկները խոնարհեցան, խունկը վառեցաւ, սկսան «Մարմին Տէրունական» եւ «Սուրբ Աստուած» հոգեւոր երգերը: Աշակերները նաեւ երգեցին «Կիլիկիա»-ն եւ «Մենք մանուկներ» դպրոցական քայլերգը: Յուշարձանին տակ փոքրիկները արտասանեցին հայրենասիրական քառեակներ, իսկ ուսուցիչներ Ազնիւ Սէրայտարեանը, Մարալ Դաւթեանը եւ Անի Մարսելեանը փոխանցեցին սրտի խօսք-պատգամներ: Աւարտին վարժարանի տնօրէն Նորայր Տատուրեանը խօսեցաւ «ծառ» եւ «վերապրում» այլաբանութեան մասին: Ան յիշեցուց պոլսահայ բանաստեղծ Մ. Զարիֆեանի «Ծառը» բանաստեղծութիւնը, եւ ըսաւ, թէ ինչպէս «վհուկ»ներու կտրած դարաւոր ծառը տարի մը ետք տուաւ «նիզակներու» նման բարունակներ, եւ թէ՝ այդ բարունակները մեր գիտակից եւ պահանջատէր աշակերտներն են: Անոնք ունին ազգային ինքնագիտակցութիւն:
Յայտագիրը աւարտեցաւ օրհնուած սեղանի վրայ ընտանեկան հացկերոյթով: