1915-ին Հայ եւ Ասորի Ժողովուրդները Այստեղ Մեծ Աւեր Տեսան. Կարօ Փայլան Այցելած է Պատմական Սուր Շրջան
Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան այցելած է այժմեան Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող հայկական Տիգրանակերտ (Տիարպեքիր) նահանգի Սուր շրջան, ուր քիւրտ-թրքական բախումներու հետեւանքով աւերածութիւններ եղած են:
Փայլանի թուիթըրեան էջէն կը տեղեկանանք, որ ան կոչ ըրած է միասնաբար ձեռնամուխ ըլլալու Սուրի վերականգնման եւ նշած, որ այդ աւերումը դաւաճանութիւն է մարդկութեան ու համաշխարհային քաղաքակրթութեան դէմ:
«Սուրը 100 տարի առաջ ալ նման աւեր տեսած է: 1915-ին հայ ժողովուրդը, ասորի ժողովուրդն այստեղ մեծ աւեր տեսան ու բռնի գաղթեցին, իսկ հիմա` մէկ դար անց, նոյն վայրի մէջ նոր աւեր կ՛իրականացուի»,- ըսած է ան` նշելով, որ պէտք է վայրկեան առաջ Սուրը կրկին ոտքի կանգնեցնել:
Նշենք, որ քիւրտերու դէմ իրականացուած գործողութիւններէն ետք Սուրի մէջ պետականացուած գոյքի ցուցակին մէջ յայտնուած էր նաեւ հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին, որ նոյնպէս հսկայական վնասներ կրած է: