«Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին առիթով կը յիշենք հայ ժողովուրդին արհաւիրքները եւ կը գնահատենք անոր գոյատեւումը, քաջութիւնն ու վճռակամութիւնը» Լիբանանի Նախագահ

Ազդակ- Լիբանանի կառավարութիւնը երէկ նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Նախագահ Աուն նիստին բացումը կատարեց ըսելով. «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին առիթով կը յիշենք հայ ժողովուրդին արհաւիրքները եւ կը գնահատենք անոր գոյատեւումը, քաջութիւնն ու վճռակամութիւնը: 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան եւ 1916-ի սովի ընթացքին լիբանանցիներուն կրած տառապանքներուն միջեւ հսկայ նմանութիւն կայ: Հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներուն տառապանքը կը նոյնանայ, հակառակ անոր որ անոնց պատճառները իրարմէ կը տարբերին»:

Ան բարձր գնահատեց լիբանանահայութեան դերակատարութիւնը Լիբանանի մէջ:

Scroll Up