Քոս կղզիի հայրենակիցները յարգեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը
Վերջին տարիներուն, Քոս կղզիին մէջ հաստատուած հայրենակիցներ, իւրաքանչիւր Ապրիլ 24ի օրը, համեստ հաւաքով կը յարգեն Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատ օր»-ը։
Այս տարի եւս, Երեքշաբթի Ապրիլ 24ի առաւօտուն, մեր հայրենակիցներու կոկիկ թիւ մը հաւաքուեցաւ կղզիի Անծանօթ Զինուորի յուշարձանին առջեւ եւ ծաղիկներ զետեղեց մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին։ Անցեալին, Հայոց Ցեղասպանութեան համար, կղզիի քաղաքապետը քաղաքապետական խորհուրդի նիստերու դահլիճին մէջ հիւրընկալած է շրջանի հայութիւնը, որոնք յատուկ խօսքերով եւ ուղերձներով ելոյթներ ունեցած են։
Նշենք թէ բացի մնայուն կայք հաստատած ընտանիքներէն, զբոսաշրջիկական շրջանին աւելի մեծ թիւով հայեր կը հասնին կղզի եւ կը զբաղին համապատասխան աշխատանքներով։