Շառլ Ազնաւուրի Առողջական Վիճակը Մտավախութիւն Չառաջացներ
Նախօրէին Ս. Փետերսպուրկի մէջ հիւանադանոց տեղափոխուած ֆրանսահայ շանսոնյէ Շառլ Ազնաւուրի առողջական վիճակը բժիշկներուն մօտ մտավախութիւն չառաջացներ կը յայտնէ tass.ru-ն` յղում կատարելով արուեստագէտին մօտ կանգնած աղբիւրին:
«Համերգէն առաջ եղած փորձի ժամանակ մայեստրոյին մէջքը բռնուած է, ատոր համար ստիպուած եղանք չեղարկելու ձեռնարկը: Բժիշկները զննած ու հաստատած են, որ ատիկա մկանային խնդիր էր: Այնպէս որ որեւէ լուրջ բան չկայ: Հիմա ան արդէն հիւրանոցին մէջ, կը հանգստանայ», -աւելցուցած է աղբիւրը:
Յայտնի է, որ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայանալիք համերգը տեղափոխուած է յաջորդ տարուան ապրիլին:
Մինչդեռ 93-ամեայ շանսոնյէի պաշտօնական ներկայացուցիչ Վինսենս Սթարքը աւելցուցած է, որ Ազնաւուրն այսօր` ապրիլ 26-ին, կը վերադառնայ Ֆրանսա: