Հալէպահայերը Ոգեկոչած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը

Հալէպահայերը Հայոց ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցի կապակցութեամբ ոգեկոչման արարողութիւն  իրականացուցած են` ի յիշատակ սրբադասուած նահատակներու:

Անոնք Սուրիոյ եւ Հայաստանի դրօշները ձեռքերուն տարբեր վանկարկումներ  իրականացուցած են` այրելով թրքական ապրանքատեսակներու պիտակները: Այնուհետեւ  մասնակիցները խարոյկի մէջ  նետած են եղեռնագործ թուրք փաշաներու կերպարով տիկնիկը:

Ապրիլ 24-ին նաեւ Հալէպի ազգային գերեզմանատան մէջ մատուցուած է Սբ պատարագ եւ նահատակներու բարեխօսութեան կարգ: Պատգամած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Բերիոյ թեմի առաջնորդ Տէր Շահան արքեպիսկոպոս Սարգսեան:

Օսմանեան կառավարութեան կողմէ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան փաստը հիմնաւորուած է, ճանչցուած ու հաստատուած ականատեսներու վկայութիւններով, օրէնքներով, բանաձեւերով եւ բազմաթիւ նահանգներու ու միջազգային կազմակերպութիւններու որոշումներով: 1915թ. Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ բնակչութեան մասսայական կոտորածները որպէս նախապէս ծրագրաւորուած ու ամբողջութեամբ իրագործուած ցեղասպանութիւն  որակող փաստաթուղթերու ամբողջական շարքը հսկայական է: Հայոց ցեղասպանութիւնն ընդունած են այնպիսի կազմակերպութիւններ, ինչպիսիք են Եւրոպայի Խորհուրդը, Եւրոխորհրդարանը, ՄԱԿ-ի  քանի մը յանձնաժողովներ, Եկեղեցիներու համաշխարհային միութիւնը, Հարաւային Ամերիկայի խոշորագոյն կազմակերպութիւններէն մէկուն` Մերկոսուր-ի խորհրդարանը եւ այլն: Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած են շատ պետութիւններ. առաջինը պաշտօնապէս ընդունած է Ուրուկուէյը 1965 թ.: Հայ ժողովուրդի կոտորածը պաշտօնապէս դատապարտած եւ ճանչցած են որպէս ցեղասպանութիւն` ըստ միջազգային իրաւունքի, հետեւեալ երկիրները` Ֆրանսա, Իտալիա, Պելճիգա, Հոլանտա, Զուիցերիա, Շուէտ, Ռուսաստան, Լեհաստան, Լիթուանիա, Յունաստան, Սլովաքիա, Կիպրոս, Լիբանան, Ուրուկուէյ, Փարակուէյ, Արժանթին (2 օրէնք, 5 բանաձեւ), Վենեսուելա, Չիլի, Պոլիվիա, Գանատա, Վատիկան, Աւստրիա, Լիւքսեմպուրկ, Գերմանիա, Չեխիա, Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգը, ԱՄՆ նահանգներէն 48-ը` բացի Ալապամայէն եւ Միսիսիփիէն:

Scroll Up