Հալէպի Մէջ Հայ Եւ Քրիստոնեայ Համայնքներու, Սուրիական Կուսակցութիւններու, Երեսփոխաններու Եւ Հալէպահայ Միութիւններու Ներկայացուցիչներուն Մասնակցութեամբ Բողոքի Հաւաք Ընդդէմ Թուրքիոյ Ցեղասպան Քաղաքականութեան

Կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին, Կիրակի, 22 Ապրիլ 2018-ին ՔԵԱ Ճեմարանի շրջափակէն ներս, երեկոյեան ժամը 5:00-ին տեղի ունեցաւ բողոքի հաւաք ընդդէմ Օսմանեան Կայսրութեան ու անոր ժառանգորդ Թուրքիոյ 20-րդ դարու սկիզբը գործած ոճրագործութիւններուն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան, Ասորիներու Ցեղասպանութեան, Յոյներու Ցեղասպանութեան, եւ Արաբ ժողովուրդին դէմ ի գործ դրուած բարբարոսութիւններուն, յատկապէս Սուրիոյ մէջ վերջին ամիսներու թրքական ոտնձգութիւններուն։ Կը յայտնէ «Գանձասար» շաբաթաթերթը:
Բողոքի հաւաքին մասնակցեցան սուրիական եւ պաղեստինեան կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ, պետական պատասխանատուներ, ասորի համայնքապետներ, հալէպահայ համայնքապետներ, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսը, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան եւ հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը եւ երիտասարդներու հոծ բազմութիւն մը։
Ներկայ պաշտօնական բոլոր կողմերը հանդէս եկան խօսքերով՝ դատապարտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով հայ ժողովուրդին:

Օրուան հանդիսավարն էր Պէթի Քիլէրճեան:

Արտասանուած խօսքերէն ետք, գեղարուեստական յայտագիր մը ներկայացուեցաւ:

Աւարտին, ներկաները շրջափակին մէջ հաւաքուած թրքական արտադրութիւններ եւ խորհրդանիշեր հրկիզելով թրքական արտադրութիւնները չքաջալերելու կոչ ուղղեցին: Բողոքի հաւաքին ընթացքին փոքրիկներուն բաշխուեցան ծրարներ, որոնք կ՛ընդգրկէին տեղական արտադրութեան ուտեստեղէն՝ առ ի քաջալերանք սուրիական արտադրութիւններու։

Մանրամասնութիւնները՝ «Գանձասար»ի Ապրիլ Դ. համարով:

Scroll Up