«Այս Գիրքով Հայրս` Արման Կոթիկեանը, Կը Շարունակէ Մնալ Մեր Տան ՄԷջ». Սեդա Կոթիկեան

Դաշնակահարուհի, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի Ընդհանուր դաշնամուրի ամպիոնի դասախօս Սեդա Կոթիկեան` հայ անուանի դերասան, բանաստեղծ, թարգմանիչ Արման Կոթիկեանի դուստրը, իր հօր նուիրուած «Չմոռանաք ի՛մ անունն էլ տալ…» վերնագիրով յուշերու գիրք  հրատարակած է: Ան այս հրատարակութեան մասին երկար տարիներ մտածած է, որ, սակայն, յաջողած է միայն 2017 թուականին կեանքի կոչել:

Սեդա Կոթիկեանի նպատակը եղած է գիրքին մէջ ներկայացնել ոչ միայն դերասան, այլեւ` գրականագէտ, բանաստեղծ թարգմանիչ Կոթիկեանը: Գիրքը կազմած է հօրմէ մնացած գրական ժառանգութեան, նիւթերու, անոր ժամանակակիցներու, խաղընկերներուն յուշերուն ու նաեւ անոր երկրպագուներու տպաւորութիւններու հիման վրայ: Ընդգրկուած են նաեւ Արման Կոթիկեանի բանաստեղծութիւններէն: Մէկ խօսքով, այս գիրքը հնարաւորութիւն կու տայ աւելի լաւ ճանչնալու թատրոնի եւ կինոյի մեծ վարպետին:

«Այս տարի կը լրանայ հօրս մահուան 50-րդ տարելիցը, եւ այս գիրքը կը ձօնեմ անոր անմահ յիշատակին: Գիրքով հայրս կը վերադառնայ տուն, եւ անոր վերադարձը կը համարեմ յուշարձան, որ կերտուեցաւ  հօրս ժամանակակիցներու, անոր արուեստը սիրող նուիրեալներու եւ մեր ընտանիքի լաւ բարեկամներու ձեռամբ»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Սեդա Կոթիկեան` աւելցնելով, որ այս նախաձեռնութեամբ նաեւ որդիական պարտքը կը կատարէ իր սիրելի ծնողներուն հանդէպ, որոնք իրենց  կեանքն ապրած են հայ աւանդական ընտանիքին բնորոշ մաքուր, առաքինի պահուածքով:

Խօսելով հօրմէ մնացած յուշերուն մասին` Սեդա Կոթիկեան ժպիտով պատմեց, որ ան շատ ջերմ, միաժամանակ խստապահանջ անձնաւորութիւն  եղած է թէ՛ իր անձին, թէ՛ հարազատներուն նկատմամբ: Եւ այդ խստապահանջութիւնը զարմանալիօրէն անոր կերտած բոլոր կերպարներուն մէջ նկատուած է:

«Ան շատ ընկերասէր էր, մեր տունը յաճախ կու գային մեծանուն դերասաններ Հրաչեայ Ներսիսեանը, Վահրամ Փափազեանը, գրողներէն` Խաչիկ Դաշտենցը եւ ուրիշներ: Ահա այդպիսի մթնոլորտի մէջ  մեծցած եմ, որ  յետագային ճակատագրիս կերտման հարցով կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ»,-նշեց Սեդա Կոթիկեան եւ ընդգծեց, որ մասնագիտական ընտրութիւն կատարած է մօրը` Օլգա Բաբասեանի յորդորով, որ նոյնպէս դաշնակահարուհի էր եւ Երեւանի Կոմիստասի անուան պետական երաժշտանոցի փրոֆէսոր:

Սեդա Կոթիկեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, մասնաւորապէս` գիրքի հրատակիչներ Նունէ Սամուէլեանին եւ Վլադիմիր Յովհաննիսեանին, Հայաստանի Հանրային ռատիոյի տնօրէն Մարք Գրիգորեանին, Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի աշխատակիցներուն, որոնք անշահախնդրօրէն աջակցած են Արման Կոթիկեանի յուշերու գիրքի լոյս աշխարհ գալուն:

«Այս գիրքով հայրս կը շարունակէ մնալ մեր տան մէջ` ամէնօրեայ իր ներկայութեամբ սփոփելով զիս: Եւ ինչպէս ինք կ’ըսէր. «Ամէն բան անցողիկ է, աղջի՛կս, մնայուն է միայն մարդու անունը, մնայուն է այն յիշատակը, որ սերում է գործերից»,- զրոյցն ամփոփեց Սեդա Կոթիկեան:

Արման Կոթիկեան ծնած է Տրապիզոն: Բեմ  բարձրացած է 1918 թուականին: 1920-1936թթ. ապրած է Փարիզ եւ Պրիւքսէլ: 1925 թուականին աւարտած է  Փարիզի համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքը, ուսանած է նաեւ Սորպոնի համալսարանին մէջ:

Փարիզի մէջ խաղցած է հայկական թատերախումբերու մէջ: 1936 թուականին ներգաղթած է Հայաստան եւ նոյն թուականին աշխատանքի անցած Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ:

Անոր լաւագոյն դերերէն են` Լաերտ («Համլետ»), Եագօ («Օթելլօ»), էլիզպարով («Պատուի համար»),  Ֆրանգուլեան («Աւերակների վրայ»), Մանուկ աղա («Մեծապատիւ մուրացկաններ»), Հայրապետ («ժայռ»):

Նկարահանուած է նաեւ  շարք մը ֆիլմերու մէջ, ներառեալ «Տժվժիկ», «Նուագախմբի տղաները» ֆիլմերուն մէջ: Մահացած է Երեւանի մէջ:

Գէորգ Չիչեան

Scroll Up