Առաջին Անգամ Ուքրաներէն Լոյս Տեսած Է Սարդարապատի Ճակատամարտի Մասին Պատմական Ակնարկ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/04/krym_gp.jpg)
Վերջերս Ուքրանիոյ գրողներու տան մէջ կայացած է ուքրանացի ճանչցուած գրող, Ուքրանիոյ վաստակաւոր լրագրող Գրիգորի Կրիմչուկի «ճանապարհորդութիւն դէպի տարիներ» գիրքի շնորհանդէսը, որ կը պարունակէ հեղինակի կէսդարեայ գործունէութեան վերաբերող նիւթեր:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Սամուէլ Ազիզեան, գիրքի գլուխներէն մէկը նուիրուած է հայկական թեմային եւ կը ներառէ «Հայաստանի հաւատարիմ ասպետը» վերնագրով պատմական ակնարկ` նուիրուած հայ ազգային հերոս, Սարդարապատի ճակատամարտի մասնակից, «Մահապարտներ» գունդի հրամանատար Տաճատ Յովակիմեանին: «Մահապարտներ» գունդը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Սարդարապատի ճակատամարտի յաղթանակին մէջ, որուն 100-ամեակը աշխարհի տարբեր ծագերու մէջ ապրող հայերը պիտի նշեն մայիսին:
«Հայաստանի հաւատարիմ ասպետը» պատմական ակնարկը հիմնուած է արխիւային եզակի նիւթերու եւ լուսանկարներու վրայ, որոնք տրամադրած է հերոսի ազգական, ուքրանացի ճանչցուած հասարակական գործիչ, բարերար Երուանդ Դանիէլեանը:
Գրիգորի Կրիմչուկի գիրքին մէջ հայկական թեմայի առկայութիւնը պատահական չէ, 2009 թուականէն ան Քիեւի հայագիտական յանձնաժողովի անդամ է, աշխոյժ մասնակցութիւն կ’ունենայ հայկական մշակութային ձեռնարկներուն, արժանացած է «Ուքրանիոյ հայերու ազգային կոնգրէս»-ի պատուոգիրին:
Գիրքի քննարկման մասնակցած է ուքրանացի գրող եւ թարգմանիչ, հայագէտ, Ուքրանիոյ գրողներու ազգային միութեան քարտուղար Ալեքսանդր Բոժկոն, որ բարձր գնահատած է Գրիգորի Կրիմչուկի պատմական ակնարկները:
Գիրքի շնորհանդէսը կայացած է մշակութային ձեռնարկներու ծիրէն ներս, որ կազմակերպած էր Ուքրանիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը, «Ուքրանիոյ ազգային համայնքներու խորհուրդ» եւ «Ուքրանիոյ հայերու ազգային կոնգրէս» (ղեկավար` Ուքրանիոյ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Աշոտ Աւանէսեան) հասարակական կազմակերպութիւններուն հետ համատեղ:
Շնորհանդէսին մասնակցած են նաեւ ուքրանացի ճանչցուած գրողներ, ազգային համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ, թարգմանիչներ, մտաւորականներ, ԶԼՄ-ներու ներկայացուցիչներ: