Շնորհանդէս տիար Պերճ Թէրզեանի նորագոյն գրքոյկին

Գաղութիս յայտնի մտաւորականներէն, ՀԲԸՄիութեան Եգիպտոսի շրջանակային յանձնաժողովի պատուոյ ատենապետ տիար Պերճ Թէրզեանի հեղինակութեամբ լոյս տեսած վերջին գրքոյկին՝ «Գահիրէի Համալսարանի Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնը»ի շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 11 Ապրիլ 2018-ին, հայ կաթողիկէ Սրբուհի Թերեզա եկեղեցիին կից նորակառոյց գեղեցիկ սրահէն ներս:
Շնորհանդէսը կազմակերպուած էր ՀՀի Եգիպտոսի դեսպանութեան կողմէ, որ նախաձեռնողն է եւ հովանաւորը սոյն Կեդրոնին:
Սոյն ձեռնարկին հանդիսավարը ՀՀի Եգիպտոսի դեսպանութեան հիւպատոս Ստեփան Գէորգեանն էր:
Բացման կուռ եւ համապարփակ խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀի լիազօր եւ արտակարգ դեսպան դոկտ. Արմէն Մելքոնեան եւ իր խօսքի աւարտին պարոն Պերճ Թէրզեանը պատուեց, Եգիպտոսի եւ Հայաստանի մէջ հաստատուած դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25 ամեակին առիթով դեսպանութեան կողմէ թողարկուած յատուկ յուշամետալով մը, որուն թուականը՝ 2017, կը համընկնի այս գիրքին լոյս ընծայման թուականին:
Գաղութիս բարեջան առաջնորդ Աշոտ Եպիսկոպոս Մնացականեան իր ջերմ եւ սրտաբուխ խօսքը ըսաւ, իսկ նոր գիրքին եւ անոր հեղինակին մասին խօսեցաւ Կեդրոնին հայերէն լեզուի դասախօս տիկին Մարուշ Երամեան:
Գրքոյկը կը բացուի դոկտ. Արմէն Մելքոնեանի յառաջաբանով, որուն մէջ ան կ’անդրադառնայ այս կեդրոնին կարեւորութեան, կը թուէ պատճառները եւ «կարեւոր իրադարձութիւն» կը կոչէ անոր հիմնուիլը Գահիրէի համալսարանին նման գիտական մեծ հաստատութեան մը մէջ:
Գիրքը կ’անդրադառնայ այն երկար՝ ութ տարի տեւած եւ դժուարութիւններով ու խոչընդոտներով լեցուն ճանապարհին, զոր կտրած են ՀՀի դեսպանութեան յաջորդական չորս դեսպաններն ալ, խորապէս գիտակցելով իրենց այս ձեռնարկութեան կարեւորութեան:
Գահիրէի մէջ Հայկական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոն մը հիմնելու նախաձեռնութիւնը կը պատկանի ՀՀի Եգիպտոսի առաջին դեսպան դոկտ. Էդուարդ Նալպանտեանին, որ այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործերու նախարարն է:
Գրքոյկին մէջ ներկայացուած են բոլոր մանրամասնութիւնները բանակցութիւններուն, որոնք տեղի ունեցած են Գահիրէի համալսարանի նախագահութեան եւ ՀՀի Եգիպտոսի դեսպանութեան միջեւ, ինչպէս եւ ամփոփուած են պատճէնները այն նամակներուն, որոնք երկու կողմերուն միջեւ փոխանակուած են:
Այս կեդրոնը աշխատանքի երեք ծիրեր ունի՝ հայագիտական գիրքերու հրատարակութիւն, գիտաժողովներու կազմակերպում եւ հայերէն լեզուի ուսուցում, Գահիրէի համալսարանէն ներս:
Նման մեծ համալսարանի մը մէջ հայագիտական կեդրոն պահելը, գիտական նպատակներ հետապնդելու կողքին, նաեւ կարեւոր է հայկական ներկայութիւնը Եգիպտոսի մէջ զգալի դարձնելու առումով:
Խօսքերու աւարտին յարգելի հեղինակը իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց հանգամանալի խօսքով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ գինեձօնի արարողութիւնը:
Ներկաները ջերմօրէն շնորհաւորեցին պարոն Պերճ Թէրզեանը իր ազգանուէր աշխատանքին եւ նոր հրատարակութեան համար:
Ներկաներուն միջեւ զրոյցը երկար շարունակուեցաւ, հաճելի մթնոլորտի մը մէջ:
Մ. Ե.
Գահիրէ
ՀԲԸՄի «Տեղեկատու» եռամսեայ, Ապրիլ 2018 (նոր շրջան թիւ 87), Գահիրէ