Հայ Ընտանիքին Աստուածաշունչը

ՍԵՒԱՆ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆ
«Կրթէ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը,
որպէսզի իր ծերութեան ատեն անկէ չխոտորի»:
Առակաց 22:6
Կ՛ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր մարդիկ ժամանակ չունին իրենց զաւակներուն հետ նստելու, խօսելու, խաղալու եւ կարդալու: Սակայն մեր կեանքին կարեւոր նպատակներէն մէկը պէտք է ըլլայ կրթել մեր զաւակները, աշակերտները` հայեցի եւ քրիստոնեայ դաստիարակութեամբ:
Յաճախ կը գանգատինք, որ մեր շուրջը մարդիկ, պատանիներ գիրք չեն կարդար: Եթէ կ՛ուզենք լաւ սերունդներ ունենալ, պէտք է ժամանակ տրամադրենք կարդալու եւ մեր շուրջ եղող պատանիները վարժեցնել կարդալու:
2017-ին ամրան «Ազդակ» օրաթերթին մէջ կար օգտաշատ հարցազրոյց մը Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանին հետ` նոր գիրքի մը հրատարակութեան առիթով: «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը», որ պատրաստուած է գերմաներէն լեզուով, հայերէնի թարգմանուած եւ պատրաստուած է դոկտ. Արտա Ճէպէճեանին կողմէ: Անիկա հրատարակութիւնն է Աստուածաշունչի ընկերութիւններու ծոցի տարածաշրջանի ընկերութեան, որ Աստուածաշունչը մեծ սիրով ձրիաբար կը նուիրէ բոլոր հայ ընտանիքներուն: Գիրքը գրուած է պարզ եւ յստակ ձեւով, որպէսզի բոլոր մանուկները եւ պատանիները դիւրութեամբ կարենան կարդալ, իսկ ծնողներուն պարտականութիւնն է քաջալերել իրենց զաւակները` ընթերցանութեան կամ միասնաբար ընել այդ մէկը` հաճելի ժամանցի ձեւով: Ինչո՞ւ չէ, նաեւ` յիշել իրենց մանկութեան կամ պատանեկութեան ժամանակ սորված պատմութիւնները: Կը հպարտանանք, որ մենք աշխարհի վրայ առաջին քրիստոնեայ ազգն ենք: Ինչպէ՞ս կրնանք պահել մեր հայրերուն, մեծ հայրերուն հաւատքը, երբ զայն չենք փոխանցեր մեր յաջորդներուն:
Գիրքը կը բաժնուի 20 մասերու, եւ իւրաքանչիւր բաժին եօթը պատմութիւններէ բաղկացած է: Պատմութիւններուն մէջ կան Աստուծոյ ստեղծագործութեան, Աբրահամի, Յովսէփի, Դաւիթի եւ շատ մը ուրիշ հերոսներու հաւատքի պատմութիւնները, ինչպէս նաեւ` Յիսուսի ծնունդին, հրաշքներուն, խաչելութեան եւ յարութեան մասին: Գիրքը գունազարդ է, ինչ որ աւելիով կը մղէ անհատը` հետաքրքրութեամբ կարդալու:
Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներն ալ Ս. Զատկուան տօնին առիթով ստացան այս Աստուածաշունչերէն` որպէս օգտաշատ նուէր: Ծնողներ գնահատեցին այս մէկը, որովհետեւ մնայուն հատոր մըն է, որուն միջոցով իրենց զաւակը կրնայ կարդալ ու հետեւիլ Աստուծոյ քայլերուն: Ինչպէս նաեւ կիրակնօրեայի դպրոցի ուսուցիչները ուրախացան այս գիրքով, որովհետեւ իրենք ալ կրնան կարդալ, օգտուիլ եւ փոխանցել իրենց սորվածը ուրիշներուն:
Եթէ կ՛ուզենք դրական ներդրում կատարել մեր շուրջը եղող մանուկներուն եւ պատանիներուն կեանքին մէջ, ուրեմն պէտք է քաջալերենք զանոնք կարդալու, մտածելու լաւ եւ շինիչ բաներու մասին:
Վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք զանազան ձեւերով օժանդակեցին այս գիրքի հրատարակութեան: