Զօրակցութեան Կոչ Կ՛ուղղենք Ամբողջ Լիբանանահայութեան

Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակին առիթով, կոչ կ՛ուղղենք ամբողջ լիբանանահայութեան եւ կը թելադրենք, որ գործնականօրէն արտայայտելու համար հայութեան միասնակամութիւնը եւ զօրակցելու համար Հայաստանին, Արցախին, հայոց բանակին ու Հայ դատին, երեքշաբթի, 24 ապրիլ 2018-ին, Լիբանանի ամբողջ տարածքին փակ պահուին հայկական բոլոր վաճառատուներն ու հաստատութիւնները եւ մեր ժողովուրդը ամբողջական մասնակցութիւն բերէ երկուշաբթի, 23 ապրիլ եւ երեքշաբթի, 24 ապրիլ 2018-ին տեղի ունենալիք բոլոր աղօթքի հաւաքներուն ու ոգեկոչական ձեռնարկներուն:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ

Scroll Up