Շուշիի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Նոպելեան Մրցանակի Արժանացած Ներկայացումը

Մայիս 1-ին, Ժամը` 18:00-ին, Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ պիտի կայանայ Ելենա Տուտիչի «Մարգարիտա եւ Ապուլֆաս» ներկայացումը:

 Այս մասին «Արցախպրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսած է «Նարեկացի» արուեստի միութեան կառավարիչ Մարիամ Անդրէասեան` տեղեկացնելով, որ մուտքն ազատ է բոլոր ցանկացողներուն համար:

««Մարգարիտա եւ Ապուլֆաս» ներկայացումը բեմադրուած է Սուետլանա Ալեքսեւիչի համանուն վէպի հիման վրայ, ուր կ՚արծարծուի Պաքուի ջարդերու թեման: Այս ներկայացման հեղինակը 2015թ.-ին գրականութեան ասպարէզին մէջ Նոպելեան մրցանակի  արժանացած Է»,- աւելցուցած է Մ. Անդրէասեան:

Scroll Up