Հայաստանին Նուիրուած 15-Օրեակ Մարսէլի ՄԷջ

Մարտ 29-ին Մարսէլի 9-10 թաղամասերու ղեկավար Լիոնել Ռուայէ-Փեռոի եւ Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր Կի Տեսիէի նախաձեռնութեամբ թաղապետարանի շէնքին մէջ մեկնարկեց Հայաստանին նուիրուած 15-օրեակը (Quinzaine d’Armռnie): Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Ձեռնարկին կը մասնակցէին Մարսէլի փոխքաղաքապետերը, պատգամաւորներ, Մարսէլի մէջ ՀՀ հիւպատոս Ռուբէն Խարազեանը, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, քաղաքական գործիչներ, համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ, հայ, ֆրանսացի եւ այլազգի հասարակական եւ մշակութային գործիչներ, հայ համայնքի անդամներ:

Ապրիլ 7-ին Մարսէլի Քաղաքապետարանին առջեւ մեկնարկեց Արա Խաչատուրեանի` տասնմէկ երկիրներով անցնող մարաթոնը, որմով միջազգային հանրութեան կոչ  կ’ըլլայ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բողոքի ձայն բարձրացնել ժխտողականութեան դէմ եւ պայքարիլ խաղաղութեան համար: Ձեռնարկին ելոյթներ ունեցան Մարսէլի փոխքաղաքապետ Ժան Ռոատան, հիւպատոս Ռուբէն Խարազեան, ներկայ էին քաղապետարանի պատգամաւորներ, հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, ներկայացուցիչներ: Նոյն օրը ՀՀ հիւպատոս Ռուբէն Խարազեան մասնակցեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցի յիշատակման Պուք Պէլ Էր քաղաքապետարանի շէնքի ճակատային մասին մէջ փակցուած Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած պաստառի բացման արարողութեան:

Ապրիլ 13-ին Հայոց ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցի կապակցութեամբ Ֆրանսայի Փրովանս-Ալպ-Կոտ-Տ’ազիւր շրջանի խորհուրդի շէնքի ճակատային մասին մէջ փակցուեցաւ ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշապաստառ` խորհուրդի նախագահ Ռոնօ Միւզելիէի նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ: Ձեռնարկին մասնակից բանախօսները իրենց ելոյթներուն մէջ նշեցին, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղուած պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչումը, մինչեւ ցեղասպանութեան ժխտողականութեան քրէականացման մասին օրէնքի ընդունումը:

Արա Խաչատուրեան Մարսէլահայ մարզիկ-լեռնագնաց է, որ 2016թ. մայիս 22-ին Հիմալայներու աշխարհի ամենաբարձր` 8848 մեթր բարձրութեամբ Էվերեստի գագաթին ծածանած էր Հայաստանի դրօշը:

Ապրիլ 14-ին Հայաստանին նուիրուած 15-օրեակի ծիրէն ներս կայացաւ Ֆրանքոֆոնիայի աւանի բացումը, որուն բացման խօսքով հանդէս եկան Պուշ Տիւ Ռոն շրջանի առաջին փոխնախագահ Փատրիկ Պորեն եւ ՀՀ հիւպատոս Ռուբէն Խարազեանը: Այնուհետեւ Ռուբէն Խարազեան կարդաց Ֆրանքոֆոնիայի մէջ ՀՀ ներկայացուցիչ, դեսպան Քրիստիան Տէր-Ստեփանեանի ուղերձը, որուն մէջ կը նշուէր, որ Հայաստանի համար մեծ պատիւ է հիւրընկալել Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովը եւ յոյս կը յայտնուէր, որ Ֆրանսայի շրջանները եւ մասնաւորապէս Մարսէլը լայնօրէն ներկայացուած կ’ըլլան Երեւանի Ֆրանքոֆոնիայի աւանին մէջ: Ձեռնարկին կատարումներով հանդէս եկաւ «Ֆրանսայի հայ երիտասարդութիւն» կազմակերպութեան (JAF) պարային խումբը:

Scroll Up