Հայը Ուր Ալ Ըլլայ Կը Շարունակէ Վառ Գոյներով Լուսաւորել Իր Միջավայրը. Հարցազրոյց Նարօտ Տումանեանի Հետ

Լիա եւ Պօղոս Տումանեաններու դուստրը՝ Նարօտը, ապրելով եւ ստեղծագործելով հանդերձ  արտասահմանի մէջ, իսկական հայուհիի վառ օրինակ է:

Յատկանշական է, որ ան 16 տարեկան հասակին կրնայ գոյն հաղորդել եւ յոյս ներշնջել  բազում երեխաներու սեւ-ճերմակ կեանքին:

Հ- Նարօտ, պատմեցէք Ձեր մասին: Ուր ծնած էք: Երբ սկսած էք զբաղիլ նկարչութեամբ: Ինչ յաջողութիւններու հասած էք մինչ օրս:

Պ- Ծնողներս Այնճարէն են, ես ծնած եմ Յորդանան՝ Ամմանի մէջ: Մանկութենէս զբաղած եմ նկարչութեամբ: Տարաբնոյթ նկարչական դասընթացներու հետեւած եմ: Մասնակցած եմ եւ առաջին տեղը զբաղեցուցած եմ դպրոցական մրցոյթներուն, սակայն «Արուեստի սերմեր» նախագիծը կը համարուի իմ առաջին անհատական գործունէութիւնս:

Հ- Կը խնդրէի պատմել այդ նախագծի մտայղացման եւ իրագործման մասին:

Պ- «Արուեստի սերմեր» նախագիծի մտայղացումը երկամեայ պատմութիւն ունի: 14 տարեկան հասակիս Յորդանանի Մաան քաղաքի մէջ կազմակերպեցի ապակիի վրայ նկարչութեան դասընթաց, որուն մասնակցեցան շարք մը սահմանափակ կարողութիւններու տէր փոքրիկներ: Դասընթացի շնորհիւ այսօր փոքրիկները երկրին մէջ տարբեր ցուցահանդէս-վաճառքներու կը մասնակցին եւ ինքնուրոյն եկամուտ կ’ապահովեն:

Այս դասընթացը հիմք հանդիսացաւ ներկայիս «Արուեստի սերմեր» երկհարթակ նախագիծին: Նախ իմ նկարչութիւններուս ցուցահանդէս-վաճառքը կազմակերպեցի Ապրիլ ամսուն ալ-Հուսէյն մշակութային կեդրոնին մէջ Յորդանանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, ապա ցուցահանդէսի հասոյթի միջոցով նկարչութեան դասընթացներ պիտի կազմակերպեմ երկրի այդպիսի քաղաքներու մէջ, ուր «գոյներու» մասին որեւէ պատկերացում չունին: Ըսեմ որ ասիկա արդէն իրագործման փուլին մէջ է:

Հ- Ձեր ներկայացուցած արուեստին մէջ ակնյայտ է հայկական շունչը…… Արդեօք այցելած էք մայր հայրենիք: Կը ցանկաք Հայաստանի մէջ ցուցահանդէս կազմակերպել:

Պ- Ցաւօք դեռ չեմ այցելած Հայաստան, սակայն ցանկութիւնս չափազանց մեծ է այնտեղ ցուցահանդէս կազմակերպելու առաւել եւս ուսանելու: Կ’ուզեմ Արուեստի մէջ խորանալ Հայաստանի մէջ։

Հ- Նարօտ, մեր հայ արուեստասէր պարմանուհիներուն ինչ խորհուրդ կու տաք:

Պ- Շարունակ նկարել եւ երբեք չվհատիլ: Խոչընդոտներ պիտի ըլլան, սակայն կամքի ուժով կարելի է իւրաքանչիւր դժուարութիւն յաղթահարել:

Հայը ուր ալ ըլլայ կը շարունակէ վառ գոյներով լուսաւորել իր միջավայրը:

ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ

Այգ Պետրոսեան (Յորդանան)

Scroll Up