Շուշան Արթինեան-Թոգաթլեանի Ուրֆացի Մեծ Հօր Եւ Մեծ Մօր Պատմութեան Նուիրուած Հատորին Շնորհահանդէս

Ազդակ- Կազմակերպութեամբ Ուրֆայի հայրենակցական միութեան կիրակի, 15 ապրիլի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ուրֆայի հայրենակցական միութեան տան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ լոյս տեսած «Մայ Կրենտփերենց Օտիսի. Ֆրամ Ուրֆա Էնտ Կերմիր Թու Պէյրութ» հատորին շնորհահանդէս-գինեձօնը, հեղինակ-համադրող` Շուշան Արթինեան-Թոգաթլեան:

Ուրֆայի հայրենակցական միութեան վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արապաղլեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն խօսեցաւ Ուրֆայի մասին, որ եղած է Մերձաւոր Արեւելքի հնագոյն քաղաքներէն մէկը: Ան ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ Ուրֆայի պատմութեան` նկատել տալով, որ 1923-ին Լիբանանի մէջ հիմնուած է Ուրֆայի հայրենակցական միութիւնը: Արապաղլեան հաստատեց, որ հայրենակցական միութիւնները հիմնուած են հայապահպանման նպատակով, որպէսզի հայկական բռնագրաւեալ տուեալ շրջանի հայրենակիցները պահեն ու պահպանեն իրենց աւանդութիւններն ու սովորութիւնները եւ զանոնք փոխանցեն սերունդէ-սերունդ: Ապա ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց գիրքի հեղինակ Շուշան Արթինեան-Թոգաթլեանի կենսագրական գիծերը եւ հրաւիրեց հեղինակը ներկայացնելու հատորը:

Շուշան Արթինեան-Թոգաթլեան ըսաւ, թէ որոշած է սոյն հատորը գրել եւ սկսած է աշխատանքի 2007 թուականին եւ աւարտած 2016-ին: Ան անգլերէնով գրած է հատորը, որպէսզի օտարներ, նաեւ հայերէն չգիտցող հայեր կարենան կարդալ եւ իմանալ պատմութիւնը:

Այնուհետեւ հեղինակը «փաուըր փոյնթ»-ով ներկայացուց հատորը, որ պատմութիւնն է իր մեծ հօր` Յովսէփ Ալահայտոյեանի եւ մեծ մօր` Բերկրուհի Սահակեան-Ալահայտոյեանի: Շուշան Արթինեան-Թոգաթլեան ըսաւ, որ իր մանկութեան օրերը անցուցած է մեծ մօր հետ, որ իրեն պատմած է իր ապրած ոդիսականէն կարգ մը պատմութիւններ, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունեցած են իր վրայ: Ան մէջբերումներ կատարեց մեծ մօր պատմութիւններէն:

«Թուրքին կատարած բարբարոսութիւններուն եւ մեծ մօրս վրայ պարտադրուած ոդիսականին մասին լսելով հոգիս կը տխրէր եւ մէջս զայրոյթ մը կ՛արթննար, սակայն պատմութեան մէջ անցած ու էջը գոցուած հատոր մը կը սեպէի մեծ մօրս ոդիսականը, եւ բարկութիւնս կամաց-կամաց կը խամրէր, երբ յանկարծ 19 յունուար 2007-ին Հրանդ Տինքը սպաննուեցաւ եւ բարկութեանս բոցը կայծ առաւ», ըսաւ Շուշան Արթինեան-Թոգաթլեան` աւելցնելով, որ Տինքի սպանութեան նոյն օրը ուխտած է մեծ մօրը դառն յուշերը յաւիտենականացնել եւ համայն աշխարհին մատչելի դարձնել գիրքի մը ընդմէջէն: Հեղինակը ըսաւ, թէ նոյն տարին գտած է նաեւ իր մեծ հօր` Յովսէփ Ալահայտոյեանի ձեռագիր անտիպ յուշերը, որոնք ներառած է գիրքին մէջ, ինչպէս նաեւ իր հօրաքրոջ` Եղիսաբէթ Ալահայտոյեանի եզակի հարցազրոյցը, կատարուած` 1989-ին, «Զօրեան» հիմնարկի կողմէ: Այն հարցազրոյցին ընդմէջէն կարդացողը հաղորդակից կ՛ըլլայ Ուրֆայի մէջ գտնուող վայրերուն, Ուրֆայի հայութեան կենցաղին, երգերուն, պարերուն, ճաշերուն եւ ընտանեկան աւանդութիւններուն մասին: Հեղինակը նաեւ յայտնեց, որ իր մեծ հայրը 1923-ին հիմնած է Ուրֆայի հայրենակցական միութիւնը: Շուշան Արթինեան-Թոգաթլեան անդրադարձաւ նաեւ կարգ մը դժուարութիւններու, որոնց հանդիպած էր, ինչպէս յուշագրութիւններու ընթերցում, արխիւներ եւ լուսանկարներ հաւաքել եւ այլն:

Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օգտակար հանդիսացած են իրեն հատորի հրատարակութեան:

Այնուհետեւ ան Ուրֆայի հայրենակցական միութեան հիմնադիրներու լուսանկարը յանձնեց Գրիգոր Արապաղլեանի:

Աւարտին կատարուեցաւ հատորին գինեձօնը, որմէ ետք հեղինակը մակագրեց իր գիրքը:

Scroll Up