«Արդէն ուշ էք…»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Պահրէյնի թագաւորութեան գիրքի միջազգային տասնութերորդ ցուցահանդէսը ունեցաւ բաւական յատկանշական դրուագներ: Նախ` Պահրէյնի Մուհարաք քաղաքը հռչակուած է 2018 տարուան Իսլամական մշակոյթի մայրաքաղաք: Ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ մարտ 28-էն մինչեւ 7 ապրիլ 2018, նոյն քաղաքին մէջ եւ նուիրուեցաւ իսլամական մշակոյթին: Բայց կար նաեւ Աստուածաշունչի ընկերութեան մեր մասնակցութիւնը` պետական ու պաշտօնական հրաւէրով եւ աւելի քան չորս հարիւր հրատարակչատուներու կողքին, որոնք կու գային մօտաւորապէս քսանհինգ տարբեր երկիրներէ: Աստուածաշունչի ընկերութեան մասնակցութիւնը կը դառնար միակ քրիստոնէական ներկայութիւնը, որ կու գար ապացուցելու շրջանին մէջ մէկ կողմէ ներկայութիւն, բայց նաեւ` անհրաժեշտութիւն:
Տաղաւարին վրայ կար աստուածաշունչերու մեծ հաւաքածոյ մը` գլխաւորաբար արաբերէն լեզուով, նկատի ունենալով, որ ցուցահանդէսին մեծ տոկոսով կը ներկայացուէին արաբերէն լեզուով հրատարակութիւններ, բայց նաեւ կային պատմական-բացատրական ցուցակներ: Ցուցակները կ՛ընդգրկէին արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով Աստուածաշունչի պատմականը, բայց նաեւ` անոր ընկերա-մշակութային կեանքին մէջ մեծ ներդրումը: Ցուցահանդէսի բացման օրը, երբ պահրէյնցի երիտասարդ տղոց հետ կը ներկայացնէի ցուցահանդէսի բովանդակութիւնը, Խալետը ըսաւ. «Պահրէյնի համար մեծ հպարտութիւն է, որ դուք հոս էք` մեր մէջ: Այս մէկը ցոյց կու տայ մեր երկրին բազմակրօն եւ բազմամշակութային կազմուածքը եւ ներդաշնակութիւնը: Ներկայ օրերուն որքա՜ն անհրաժեշտ է, որ մարդիկ առիթ ունենան բացուելու աշխարհին եւ ճանչնալու զիրար»: Ան նաեւ ըրաւ կատակ-հաստատում մը: Եթէ դէմքին վրայ կար քմծիծաղ`«չարաճճի» խառնուածքով, ատոր ետին կը տեսնէի իրագործուելիք մարտահրաւէր. «Յուսամ շուտով նաեւ մուտք կը գործէք Սէուտական Արաբիա»:
Չեմ գիտեր` պահրէյնցի Խալետին եւ Սալեհին միջեւ որեւէ առնչութիւն կա՞ր, թէ՞ պարզապէս պատահականութեան արդիւնք էր: Սալեհը կու գայ Սէուտական Արաբիայէն: Տեսած էր մեր տաղաւարը ցուցահանդէսի բացման օրը, բայց չէր մօտեցած` տեսնելով, որ զբաղած էինք: Բայց որոշած էր անպայման հանդիպիլ: Շաբթուան ընթացքին ան մօտեցաւ մեզի: Սալեհը երիտասարդ մըն է, որուն մասնագիտութիւնը եւ ասպարէզը կ՛ընդգրկէ տեղեկատուութեան աշխարհը` իր տարբեր ենթաբաժանումներով: Յստակ էր, որ իր երիտասարդական ներշնչումով կ՛ուզէր խօսիլ, իմանալ, բայց նաեւ` ծանօթանալ: Ծանօթացումը պիտի ընդգրկէր նաեւ «ուրիշ»-ը, եւ իր պարագային` ոչ իսլամը: Հարցումներ ուղղեց Աստուածաշունչի բովանդակութեան մասին, եւ շուտով անդրադարձայ, որ հետը շատ հաճելի խօսակցութեան մը մէջ մտած էի: «Այս խօսակցութիւնը քու հետդ Աստուածաշունչի այս յարկին տակ ասկէ առաջ չէի կրնար ընել»,- ըսաւ ան:- Մեզի համար անընդունելի էր: Բայց հիմա շատ բան փոխուեցաւ, եւ այլեւս չենք ուզեր, որպէս սէուտցիներ, մեր գոց պատեանին մէջ ապրիլ»:
Սկսած էի տեսնել, թէ կը խօսիմ երիտասարդի մը հետ, որ կ՛ուզէ աշխարհին բացուիլ: Եւ այդ աշխարհին մէջ ան կ՛ուզէ տեսնել, թէ կան նաեւ մարդիկ, որ «իրեն» պէս չեն, տարբեր են, բայց որուն հետ կարելի է նաեւ «ապրիլ»: «Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունեցած բոլոր ներկայի բարեկարգութիւնները իրական են: Մենք հիմա սկսանք աշխարհին բացուիլ», ըսաւ ան:
Սալեհին ըսի, որ հայ եմ եւ լիբանանցի: «Երեւանը շատ գեղեցիկ քաղաք է», ըսաւ ան: Եւ հոս աւելցաւ մէկ նոր զմայլելի իրականութիւն մը` մեր արդէն իսկ շատ հետաքրքրական հանդիպումին վրայ:
Սալեհը երկու անգամ այցելած էր Հայաստան: Ան սիրած էր Հայաստանը եւ սիրահարած` Արարատին: Իր սէրը եւ սիրահարութիւնը մղած են զինք սերտելու հայուն պատմութիւնը: « Ձեր կեանքը շատ դժուար եղած է», ըսաւ ան:
Սալեհը կը գիտակցի, որ Հայաստանը շատ կարողականութիւններ ունեցող երկիր է, եւ որ` շատ հնարաւորութիւններ կան Սէուտական Արաբիոյ հետ գործակցութեան: «Աւելի ճիգ պէտք է թափենք երկու երկիրներու յարաբերութիւնները զարգացնելու համար», ըսաւ ան:
Սալեհին հետ մեր կուռ խօսակցութիւնները պէտք էր ամփոփէինք: Արդէն զրուցեցինք աւելի քան մէկ ժամ: «Շուտով եկեղեցին,Աստուածաշունչը եւ դուն` Սէուտական Արաբիոյ մէջ», ըսաւ ան որպէս ցտեսութիւն:
Կրնայ՞ ըլլալ…
Դոկտ. Մունան չափահաս տարիքի կին մըն է: Ան ծնած է Դամասկոս, բայց երիտասարդ տարիքին ամուսնացած է պահրէյնցի մարդու մը հետ եւ իր ամբողջ կեանքը մինչեւ օրս կը շարունակէ այս կղզիին մէջ: «Արաբերէն հնչիւնիս մէջ շատ բան չմնաց Սուրիայէն», ըսաւ ան ժպտալով: Մունան դասախօս է Պահրէյնի համալսարանին մէջ եւ ընկերաբանական եւ կրօնական նիւթեր կը դասաւանդէ:
Մունան բաւական ժամանակ անցուց մեր տաղաւարին մէջ: Յստակ էր, որ ըսելիք ունէր եւ կ՛ուզէր խօսիլ:
«Հայրս շատ զարկ տուաւ մեր կրթութեան եւ դաստիրակութեան,- ըսաւ ան: – Մեզ Լիբանան ղրկեց, որպէսզի ուսում առնենք, եւ նախընտրեց, որ մենք քրիստոնեայ մարոնի համայնքի քոյրերուն դպրոցը սորվինք»:
Սկսած էի տեսնել, որ մեր խօսակցութիւնը սկսած էր նոր թափ մը ստանալ: Եւ քաջալերուած Մունայի համարձակութենէն` ես ալ եկայ աւելցնելու իր խօսքին վրայ. «Ինչպէ՞ս կը զգաս այսօր, որ քրիստոնեայ դպրոցի մէջ ուսումդ ստացած ես», եղաւ իմ քիչ մը կտրուկ հարցումը:
Մունային պատասխանը շատ պարզ էր եւ յստակ: Ան դասախօս մը ըլլալով հանդերձ, չուզեց դասախօսութիւն մը կարդալ ինծի: «Իմ կեանքս դասաւորեց եւ կազմակերպեց»,- ըսաւ ան: «Շփոթութեան մէջ էի երիտասարդական տարիներուս, եւ իրենց կրթութիւնը յստակատեսութիւն տուաւ ինծի, թէ ի՛նչ պէտք է ընեմ իմ կեանքիս ընթացքին»:
Մունան այսօր կ՛աշխատի իր երկրորդ դոկտորական ատենախօսութեան վրայ: Իր ուսումնասիրութիւնները կ՛ընդգրկեն տարբեր կրօններու եւ անոնց պաշտամունքներու դերը եւ կարեւորութիւնը մարդուն ներքին կեանքի համերաշխութեան համար: Եւ այս իմաստով ան հետաքրքրուած է ոչ միայն իսլամական կրօնով, այլ նաեւ` քրիստոնեայ աստուածաբանութեան ու, տակաւին, անոնց յարաբերութիւններուն եւ մարդկային կեանքին համար անոնց նպաստով: Ան ուզեց աւելի ժամանակ անցընել մեզի հետ, քանի որ հետաքրքրուած էր Աստուածաշունչի ներդրումին եւ անոր նպաստին միջկրօնական յարաբերութիւններու մէջ նիւթով:
Եւ չուշացաւ իմ հետաքրքիր այլ հարցումս. «Ինչպէ՞ս կը տեսնես մեր ներկայութիւնը այս ցուցահանդէսին»: Մունային դէմքին վրայ գծուեցաւ պզտիկ ժպիտ մը: «Արդէն ուշ էք»,- ըսաւ ան:- Դուք տասնութ տարի առաջ պէտք էր հոս ըլլայիք», եղաւ իր հաստատ եւ վճռական պատասխանը:
Չեմ գիտեր, թէ Մունան այս պատասխանը տուաւ որպէս մարտահրաւէ՞ր: Իր հաստատումը անձնական նախաձեռնութիւն էր, թէ՞ հաւաքական պահանջ: Բայց կրնայի տեսնել իր համոզմունքը: «Մեր հաւաքականութիւնները այսօր շատ պէտք ունին սորվելու համակեցութիւն եւ փոխյարաբերութիւն` որպէս տարբեր համայնքներ եւ կրօններ: Ձեր ներկայութիւնը մեծապէս կարեւոր եւ օգտակար է: Եւ այս իմաստով ալ հոս պէտք էր ըլլայիք ասկէ առաջ», եզրափակեց Մունան:
Մունային եւ անոր «ուշ» ըլլալու հաստատումը մտածել տուին ինծի: «Ուշ»-ը ունի նաեւ իր տուեալները եւ պարունակը: Բայց նաեւ ունի իր գիտակցութիւնը: Մարդկային ու հաւաքական կեանքին մէջ պատմութիւնը կը կերտուի դրուագներով, եւ այդ դրուագները եթէ կը կերտեն, բայց նաեւ կը քանդեն ու տակաւին հետք(եր) կը ձգեն: Պատմութեան դրուագներն ու անոնց պատեհութիւնները ճիշդ ձեւով օգտագործելը անհրաժեշտ գրաւականներ են: Քաջալերական էր տեսնել Պահրէյնի մէջ մարդիկ, որոնք կրնան արժեւորել քրիստոնեայ ներկայութիւնը եւ անոր կարեւոր ներդրումը` տարածաշրջանի պատմութիւնը իր տարբեր դրուագներով կերտելու գիտակցութեան մէջ: Այս իմաստով, Մունային «արդէն ուշ էք»-ը առի որպէս երկկողմանի մարտահրաւէր-գիտակցութիւն: Գիտակցութիւնը Մունային` որպէս իսլամի: Ուշին ետին կան պատճառներ, որոնց ինք ու իր համայնքը նաեւ պէտք է գիտակցին, որ` մարդկային կեանքերը ու անոնց պատմութիւնները լաւապէս կը կերտուին գոյակեցութեամբ եւ համակեցութեամբ: Բայց նաեւ` իմ գիտակցութիւնը, թէ տակաւին, որքա՛ն կարեւոր է քրիստոնեայ ներկայութիւնը եւ անոր առաքելութիւնը նոյնինքն մարդկային կեանքի պատմութիւնը եւ անոր դրուագները կերտելու եւ շինելու համար: Որքան անհրաժեշտ է գուրգուրալ մեր քրիստոնեայ աստուածաբանութեան եւ անոր բերած կարեւոր մեծ աւանդին մեր հաւաքական ու անհատական կեանքերուն համար:
«Ուշ ենք»`այո՞…Եւ կան պատմական ու քաղաքական տուեալներ, որոնք կրնան ցոյց տալ, որ «արդէն ուշ ենք»:
Մարդկային կեանքի մեր պատմութեան մէջ գործադրուեցան շատ աւերներ, որոնք թերեւս կարելի էր կանխել…Ու տակաւին, մեր տարածաշրջանին մէջ կան ու եղան անկիւնադարձային աղէտներ, որոնք ձգեցին հետքեր` շատ մը հաւաքականութիւններու վրայ: Արդէն «ուշ ենք» ըսելու եւ ցանկալու, որ երանի այդ բոլորը տեղի չունենային…
«Արդէն ուշ ենք»…Երեւի…Թերեւս…Բայց ոչ երբեք ուշացած:
Քանի կայ պատմութեան կրկնուող յաջորդականութիւնը, որ աւերէն ետք պիտի գայ վերականգնումը, եւ քանդումէն ետք` շինարարութիւնը: Անհասկացողութիւններուն մէջէն կարելի է գտնել համերաշխութիւնը: Եւ անհանդուրժող հոգին կարելի է վերածել հանդուրժողականութեան: Մարդիկ Պահրէյնի մէջ վկայեցին իրենց հանդուրժողականութիւնը`«մեզի համար հպարտութիւն է, որ դուք հոս էք»:
Եւ «հոս ենք», որովհետեւ կը հաւատանք, որ միասին կրնանք նորը շինել: Նորը, որ կրնայ ընդգրկել մարդկային կեանքեր` հիմնուած հանդուրժողականութեան վրայ, ուր «ուրիշ»-ը կը ճանչնաս եւ կրնաս ապրիլ անոր հետ` իր տարբերութիւններով:
Տարածաշրջանի ու, տակաւին, ընդհանրական այս բոլոր «թոհ ու փոհին» մէջէն եւ անկէ ետք պիտի կարենա՞նք տեսնել, որ պիտի կերտենք նորը: Հոն մարդիկ կրնա՞ն զիրար ընդունիլ:
«Արդէն ուշ էք», բայց անպայմանօրէն ուշացած չենք հաւատալու եւ գործելու, որ պիտի կերտենք նորը: Հոն, ուր մարդիկ կրնան զիրար ճանչնալ, բայց նաեւ ընդունիլ եւ, տակաւին, ապրիլ համերաշխութեամբ` իրենց տարբերութիւններով հանդերձ:
Խալէտը, Սալէհը, Մունան ու, տակաւին, Պահրէյնի փորձառութիւնը ցոյց տուաւ, որ ուշ ենք, բայց…ուշացած չենք: Թէ` կարելի է տարբերութիւնները տեսնել, ընդունիլ ու նաեւ ապրիլ անոնց հետ: