ԱՀ Ազգային Ժողովի Նախագահը Ընդունած է Արցախեան Շարժման 30-ամեակին Նուիրուած Ուսանողական Ժողովին Մասնակիցները

Ապրիլ 13-ին, Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի ղեկավարը ԱԺ նիստերու դահլիճին մէջ հանդիպած է Արցախեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած ուսանողական ժողովին մասնակիցներուն: Այս մասին կը հաղորդէ nankr.am-ը։

Ողջունելով ներկաները՝ Աշոտ Ղուլեան ընդգծած է նմանատիպ ձեռնարկներուն կարեւորութիւնը ուսանողները միեւնոյն գաղափարներուն շուրջ համախմբելու, անոնց միջեւ շփումները աշխուժացնելու, համահայկական կարեւորութեան խնդիրներու քննարկման եւ մտքերու փոխանակման տեսանկիւնէն: Այնուհետեւ, խորհրդարանի նախագահը հանդէս եկած է «ԱՀ անցած ուղին. ձեռքբերումներ եւ հեռանկարներ» թեմայով բանախօսութեամբ:

«Ղարաբաղեան շարժման 30-ամեայ ճանապարհը հայ ժողովուրդին համար ինքնութիւնը վերագտնելու, տարիներով նենգափոխուած դիմագիծը մաքրելու, դարաւոր աւանդոյթները վերականգնելու եւ արժէքները վերագնահատելու ժամանակշրջան էր: Կասկած չկայ, որ այդ գործին մէջ մենք յաջողած ենք, քանզի այսօր ունինք անկախութիւնը վաստակած Հայաստանի Հանրապետութիւն, ազատագրուած ու զարգացող Արցախ եւ զոյգ հայկական պետականութիւնը փայփայող Սփիւռք»,- առանձնացուցած է Աշոտ Ղուլեան:

Անդրադառնալով հեռանկարային ծրագիրներուն եւ անոնց երիտասարդութեան մասնակցութեան՝ ԱԺ նախագահը նշած է, որ ամենակարեւոր նպատակներէն է Արցախի միջազգայնացումը, մասնաւորապէս արտաքին աշխարհի մէջ Արցախը իբրեւ աշխոյժ, ստեղծարար ու մտածող երիտասարդներու երկիր ներկայացնելը: Այս բնագաւառին մէջ կարեւոր համարուած է կրթական ոլորտէն ներս հետեւողական բարեփոխումներու, մասնագիտական ճիշդ կողմնորոշման եւ երիտասարդութեան ներգրաւուածութեան անհրաժեշտութիւնը:

Բանախօսութեան աւարտին, խորհրդարանի ղեկավարը, դիմելով ՀՀ համալսարաններու ուսանողներուն, խորհուրդ տուած է ապագան ծրագրաւորելու ընթացքին մտածել ո՛չ միայն Երեւանի կամ ՀՀ միւս քաղաքներու մէջ աշխատելու մասին, այլ անպայմանօրէն դիտարկել Արցախը՝ վստահ ըլլալով, որ Արցախի մէջ անոնց կարիքը միշտ կայ:

Պատասխանելով ժողովի մասնակիցներու հարցերուն՝ անդրադարձ եղած է ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին, անոր Արցախի մասնակցութեան, հայկական կողմի դիրքորոշումներուն եւ այլ թեմաներու:

Scroll Up