Հրանդ Տինք Հիմնադրամը Հրատարակած Է «Կեսարիոյ Հայերը Կը Խօսին» Գիրքը

Պոլսոյ մէջ գործող Հրանդ Տինք հիմնադրամը տպագրած է «Լռութեան ձայնը 5-րդ Կեսարիոյ հայերը կը խօսին» գիրքը: Այդ մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը` վկայակոչելով հիմնադրամի կայքէջին մէջ հրապարակուած լուրը:
Աղբիւրին համաձայն` 2011-էն ի վեր իրականացուող «Անատոլիոյ հայերու բանաւոր պատմութեան նախագիծի» ծիրէն ներս լոյս տեսած սոյն գիրքին մէջ ներկայացուած են 28 հոգիի հետ կատարուած հարցազրոյցները:
Հարցազրոյցներէն բացի` գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ Հրանդ Տինք հիմնադրամի պատմութեան ծրագիրին մէջ աշխատող պատմաբան Մեհմետ Փոլաթելի յառաջաբանը եւ գիրքը կազմողի` դոկտոր Իճլալ Այշէ Քիւչիւքքըրջայի վերջաբանը:
Նոյն շարքին միւս գիրքերուն նման, «Կեսարիոյ հայերը կը խօսին» գիրքին մէջ եւս ընդգրկուած են արեւմտահայութեան` Ցեղասպանութեան վերաբերեալ յուշերը եւ Թուրքիոյ հայերու` սեփական ինքնութեան մասին պատկերացումները:
Ըստ գիրքին` Անատոլիոյ մէջ հանրապետական շրջանին Կեսարիան եղած է այն հազուագիւտ քաղաքներէն մէկը, ուր դեռ հայեր շարունակած են ապրիլ, 1927 թ. մարդահամարի տուեալներով պաշտօնապէս գրանցուած եղած են 1978 հայեր: Այդ թիւը 1932 թ. իջած է 1600-ի, 1960-ին` 800-ի, իսկ ներկայիս` գրեթէ զերոյի: Յատկապէս 1950-ական թուականներուն դէպի Պոլիս արտագաղթած կեսարացի հայերու մեծ մասն այստեղ հաստատուած է Սամաթիա թաղամասին մէջ: