Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեան Սիէթըլի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Կը Նշանակուի

Ասպարէզ-Վազգէն քհնյ. Պոյաճեան, որ 14 տարիներ Գանատահայոց թեմէն ներս ծառայած է՝ իբրեւ հոգեւոր հովիւը Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ, թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի կողմէ հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Սիէթըլի Ս. Յարութիւն Հայց. եկեղեցւոյ։

Աւազանի անունով Սարգիս, քահանան Ս. Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք՝ 1993ին սարկաւագ ձեռնադրուած է Անանիա եպս. Արապաճեանի ձեռամբ։ Իսկ Սեպտեմբեր 26, 1999ին, Գանատահայոց թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ձեռամբ քահանայ ձեռնադրուած եւ օծուած է Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ՝ վերանուանուելով Վազգէն քահանայ։ Տէր հայրը 1999-2003 տարիներուն իբրեւ հոգեւոր հովիւ ծառայած է Լաւալի Հայց. եկեղեցւոյ, իսկ 2003-2017՝ իբրեւ հոգեւոր հովիւ Մոնթրէալի առաջնորդանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ։

Scroll Up