Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան Տօնին Նուիրուած Ցուցահանդէս Ախալքալաքի ՄԷջ

Ապրիլ 4-ին Ախալքալաքի «Ապագայի տուն» կրթամշակութային կեդրոնի «Ոսկէ ծիրան» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս` նուիրուած Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան  տօնին:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն կազմակերպիչները, օրը պատահական չէր   ընտրուած: Այս տարի  հայ  եւ վրաց եկեղեցիներուն կողմէ  Սուրբ  Զատիկը  նշուեցաւ մէկ շաբաթ  տարբերութեամբ, «Ապագայի տունը» որոշած էր այն նշել երկուքին մէջտեղը: Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին կեդրոնի «Ուլունքագործութիւն», «Ասեղնագործութիւն», «Տիկնիկագործութիւն» եւ «Հմուտ ձեռքեր» խմբակներու աշխատանքները: Պաստառին ցուցադրուող  լուսապատկերը նոյնպէս իւրօրինակ   ցուցահանդէս մըն էր, որ կը ներկայացնէր կեդրոնի տարիներու ընթացքին կատարած  աշխատանքներն  ու շրջագայութիւնները: Ցուցահանդէսին ներկայ էին տեղական իշխանութեան ներկայացուցիչներ, տարբեր  կազմակերպութիւններու ղեկավարներ  եւ  անհատ  քաղաքացիներ:

Scroll Up