Համբարձում Աղպաշեանի “Turkish Intellectuals Who Have Recognized The Reality Of The Armenian Genocide” Volume II հատորը

 ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակի ոգեկոչման 103-րդ տարելիցին առիթով, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Ա.Մ.Ն.ի Արեւմտեան Շրջանի պաշտօնաթերթ՝ «Նոր Օր»-ի պատասխանատուները, գեղեցիկ գաղափարը ունեցան Ապրիլի այս օրերուն, լոյս ընծայելու «Նոր Օր»-ի աշխատակիցներէն, ծանօթ հրապարակագիր՝ Համբարձում Աղպաշեանի պատրաստած “Turkish Intellectuals Who Have Recognized The Reality Of The Armenian Genocide” Volume II հատորը:

Ինչպէս այս գիրքին Ա. հատորը, Բ. հատորն ալ ձեռք առնելով եւ քանի մը թուրք մտաւորականներու վկայութիւնները կարդալով, խորագոյն յուզում մը կը պատէ մեզ: Անոնց խօսքերը այնքան թելադրական եւ բովանդակալից են, որ միայն թուրք կուրացած եւ խուլցած ղեկավարութիւնն է, որ չի տեսներ եւ չի լսեր այս մտաւորականներուն գրածները եւ անոնց խօսքերը:

Այս վերջին 20-25 տարիներուն Թուրքիոյ իշխանաւորները, իրենց խարխուլ յաջողութեամբ գինովցած են: Անոնք ողջ աշխարհի ղեկավարներուն հետ, իրենց կաղ միտքէն եւ տափակ երեւակայութենէն ելած սպառնալիքներով կը խօսին եւ կը սպառնան աշխարհի պետութեանց:

Անոնք առանց խպնելու, եւ իրենք զիրենք աշխարհի զարգացած ժողովուրդներուն հետ չափելով, կը ժխտեն, մարդկային ամենէն վայրագ սպանդին ժառանգորդները ըլլալու բազմաթիւ փաստերն ու աղբիւրները եւ առանց խղճահարելու ոչ միայն ներողութիւն չեն խնդրեր հայ ժողովուրդէն, այլ ամենէն կոպիտ միջոցներով հակահայ արշաւի մը լծուած են ուրանալու համար հայոց ցեղասպանութեան անուրանալի իրականութիւնը աշխարհի շարք մը երկիրներու մէջ: Բայց եթէ մէկ կողմէն պետութիւնը միշտ կ’ուրանայ այդ ցեղասպանութիւնը, միւս կողմէն Օսմանեան պետութեան մէջ ապրող լուսամիտ, բարեսիրտ մարդիկ կան, որոնք խստօրէն դատապարտեցին այդ ցեղասպանութեան հեղինակները:

2008-ին, Թուրքիոյ մէջ 200-է աւելի թուրք արդարասէր, երեւելի եւ մեծանուն մտաւորականներ, համալսարաններու դասախօսներ, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ, իրենց իշխանաւորներուն դէմ հաղորդագրութիւն մը ստորագրած էին, դատապարտելով իրենց պետութիւնը, որ շառաւիղն է Օսմանեան հրէշ պետութեան, իրենց պետութեան կատարած ցեղասպանութիւնը: Այս 200 թուրք մտաւորականները, հայ ժողովուրդէն հրապարակաւ ներողութիւն խնդրած են:

Այս թուրք մտաւորականները որոնք ճանչցած են եւ գրած ու խօսած են Հայոց ցեղասպանութեան մասին, անոնք իրենց հրապարակային յօդուածներով, երգերով, բանաստեղծութիւններով տուած են Հայոց ցեղասպանութենէն տեսարաններ եւ ականատեսի վկայութիւններ հաւաքելով իրենց ծնողներէն եւ տարեցներէն: Անոնցմէ  շատեր դատապարտուեցան, բանտերը դրուեցան եւ կամ ստիպուած իրենց հայրենիքը` Թուրքիան ձգելով ուրիշ երկիրներ գացին եւ հաստատուեցան:

Օգոստոս 30, 2015-ին դարձեալ «Նոր Օր»-ի հրատարակութեամբ Համբարձում Աղպաշեան ներկայացուց թուրք 50 մտաւորականներ, որոնք ճանչցած էին Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս տարի, Ապրիլ 1, 2018-ին հեղինակը կը հրատարակէ հատոր մը եւս, (Բ. հատոր), ներկայացնելով ուրիշ 50 մտաւորականներ՝13 կին եւ 37 այր մարդիկ, որոնք նոյնքան ջերմութեամբ եւ գնահատանքով խօսած են հայ ժողովուրդի մասին եւ իրենց անվիճելի վկայութիւնը տալէ ետք Հայոց ցեղասպանութեան մասին, ամէն մէկը իր ձեւով ներողութիւն խնդրած է հայ ժողովուրդէն:

Բ. հատորը 150 էջնոց գիրք մըն է, որ հրատարակուած է Վահէ Աջապահեանի VA Print Media հրատարակչատունէն: Նախորդ հատորին նման, այս հատորն ալ հեղինակը նուիրած է Զէյթունցի իր հօր՝ Մինաս Աղպաշեանին, որ 1915-ին, 11 տարեկան հասակին, գաղթած է Զէյթունէն դէպի Իրաք, արաբական անապատին մէջ իր ողջ ընտանիքը կորսնցնելով, կ’անցնի Մուսուլ եւ Հ.Բ.Ը.Միութեան որբանոցին մէջ կը մնայ:

Համբարձում Աղպաշեան այս հատորով, շատ արհեստավարժ մօտեցումով ներկայացուցած է այդ անձերը: Հոն կը գտնենք այս 50 թրքահպատակ մտաւորականներու կենսագրութիւնը, անոնց վարած պաշտօնները, հանգամանքը եւ այս բոլորէն ետք իւրաքանչիւր յօդուածի վերջաւորութեան կու տայ այս տեղեկութեանց աղբիւրները: Հոյակապ գործ մըն է, որ արժանի է ամէն գնահատանքի:

Տակաւին աւելին, հեղինակը իւրաքանչիւր անձի մասին գրելէ առաջ, մանրամասնօրէն կը ճշդէ իր գրութեան մէջ դրած տեղեկութիւնները, որպէսզի ընթերցողը վստահ ըլլայ տրուած տեղեկութեան ճշգրտութեան:

Այսօր, Ապրիլեան այս օրերուն, երբ մէկ կողմէ կ’ուզենք մենք մեզ մխիթարուած զգալ, որ 103 տարի առաջ, թուրք իշխանաւորները այնպիսի վայրագութեամբ Հայոց ցեղասպանութիւնը կազմակերպեցին, որպէսզի աշխարհի վրայ միայն մէկ հայ մնայ, այն ալ թանգարան դրուելու համար:

Այսօր, անոնց հաշիւները սխալ ելան, եւ մենք մեր հրաշագեղ հայրենիքով, հզօր Սփիւռքով եւ հերոսական Արցախով աշխարհի մէջ ենք, կանք, պիտի լինենք եւ դեռ շատանանք:

Այսուհանդերձ, երբ Ապրիլեան այս օրերուն Համբարձում Աղպաշեանի այս հատորը կը կարդանք, պիտի կարենանք հասկնալ, թէ ինչպիսի մեծ դժբախտութեան ենթարկուեցաւ մեր ազգը 103 տարի առաջ, եւ բոլորս ալ պիտի նորոգենք մեր ուխտը, որ իւրաքանչիւր հայու համար, ուր որ ապրի եւ գոյատեւէ, Աւետիս Ահարոնեանին ըսածը մեր մտքէն բնաւ չհանելով, բոլորս ալ միշտ պիտի ըսենք եւ պահանջենք.

 «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք,

Թող ողջ աշխարհ հայուն կարդայ նախատինք»:

Ոչ միայն պիտի չմոռնանք, այլ պիտի շարունակենք պահանջել եւ ուշ թէ կանուխ պիտի հասնինք մեր սրբազան երազի իրականացման — ամբողջական Հայաստան, ամբողջական հայութեամբ ապրելու համար:

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր սիրելի Համբարձում Աղպաշեանը այս հատորին համար, մաղթելով իրեն նոյն բովանդակութեամբ նորանոր հատորներ:           

Scroll Up