Մայրութեան Եւ Գեղեցկութեան Օրուան Առթիւ Տօնակատարութիւն Վալանսի Մէջ

Հայ Առաքելական եկեղեցին Ապրիլի 7-ին կը նշէ Ս. Մարիամ Աստուածածնի Աւետման տօնը։ Սոյն թուականը Հայաստանի մէջ ալ հռչակուած է Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օր։ Այս առթիւ, Կիրակի, 8 Ապրիլ 2018-ին տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն մը, Վալանսի Ս. Սահակ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրանիկ Քհնյ. Մալճեանի հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Վալանսի Դաւիթեան հայկական վարժարանի ուսուցչաց կազմին։
Ծաղկաբոյր գարնան մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնական մթնոլորտն էր, որ կ’իշխէր «Վալանթին» սրահին մէջ, որ մեծ նուիրումով եւ ոգեւորութեամբ տրամադրուած էր տէր եւ տիկ. Քազազեաններուն կողմէ։
Տէր Անդրանիկ Քհնյ. Մալճեանի աղօթքով եւ օրհնութեամբ սկսաւ յայտագիրը։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի հմուտ ուսուցչուհի տիկ. Սիւզան Փեհլիվանեան, որ գեղեցիկ ձեւով փոխանցեց օրուան խորհուրդը ներկայացնող մօր անմոռանալի եւ էական դերը, որպէս ընտանեական Սուրբ խորանի անշէջ ջահ. “Ընտանեական Սուրբ Խորանի անշէջ ջահը Դուք էք, սիրելինե՛ր։ Ուզում եմ գարնան բոլոր ծաղիկները շաղ տալ Ձեր ոտքերի տակ եւ շշնջալ, թէ գարունը Ձեր գեղեցկութեամբ ու թարմութեամբ է գալիս, բնութեա՛ն պարգեւ, ՄԱ՛ՅՐ, դո՛ւ իմաստուն”։
Ձեռնարկի յաջողութեան յաւելեալ փայլք սփռեցին սիրուած երգիչ Վիգէն Մարգարեանն ու դաշնակահարուհի տիկին Սօնիա Վարդանեանը, ինչպէս նաեւ՝ երիտասարդ երաժիշտներ Յակոբ Սարեանն ու Էրիգ Գաբրիէլեանը, որոնք անթերի եւ մեծ նուիրումով կատարեցին իրենց վստահուած աշխատանքը։ Գարնանային եւ տօնական մթնորոտին զուգորդուեցաւ մեծ թիւով ներկաներու եւ “Հայուհիներ” պարային խումբի անզուգական մասնակցութիւնը։
Տօնական բարձր տրամադրութիւնը առաւել հաճելի եւ իմաստալից դարձուցին Տէր Հօր եւ ուսուցչական կազմին կողմէ պատրաստուած աշակերտական բեմադրումը, միջոցառումներն ու խաղերը։
Թող մայրական սրտի ջերմութիւնն ու բերկրանքը, կանացի հմայքը միշտ ձեզի ուղեկից ըլլան, սիրելի՛ մայրեր, ՀԱ՛Յ ՄԱՅՐԵՐ։ Հայ մայրը դարձաւ հայ մարդուն հայեցի կազմաւորում տուող ու հայակերտում կատարող հոգեմտաւոր դարբնոցը։ Թող սէրը միշտ ապրի ձեր սրտերուն մէջ եւ շարունակէք ազնիւ ու նուիրեալ ծառայել ձեր ազգին եւ ձեր ընտանիքներուն բարօրութեան եւ մնաք այդ անմար ջահը, որ միշտ պիտի լուսաւորէ ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔՆ ու ՀԱՅ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ։

Scroll Up