«Ատոմ Եւ Սելլա Թնճուկեան» Նոր Մարզադաշտերու Հանդիսաւոր Բացում

Ազդակ- Շաբաթ, 7 ապրիլ 2018-ի երեկոյեան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ յատուկ հանդիսութեամբ բացումը կատարուեցաւ «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» նոր մարզադաշտերուն (պասքեթպոլի եւ մինի ֆութպոլի), որոնց վերանորոգումը, անհրաժեշտ տուեալներով օժտելու աշխատանքը, թեթեւ առաստաղով մը փակելն ու զանոնք իբրեւ մարզադաշտ յարդարելը սիրայօժար կերպով ստանձնեցին ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի անդամներ` Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեանները: Ծրագիրը իրականութիւն դարձաւ ջանքերով եւ հետեւողական աշխատանքով «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի տնօրէն խորհուրդին եւ բարոյական ու նիւթական աջակցութեամբ եւ ներդրումով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին:

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտներուն տողանցքով` առաջնորդութեամբ մասնաճիւղի շեփորախումբին, որմէ ետք կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն, հնչեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները:

Հանդիսաւոր բաժինին բացումը կատարեց եւ ձեռնարկը վարեց Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, որ հրաւիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երեք միաբանները` Պետրոս վրդ. Մանուէլեան, Լեւոն աբղյ. Եղիայեան եւ Արտաւազդ աբղյ. Շարոյեան` օրհնելու մարզադաշտը:

Ապա խօսք առաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի տնօրէն Րաֆֆի Թիւթէլեան, որ անդրադարձաւ բացումին նախորդած 6 ամիսներու հետեւողական աշխատանքին, որուն մղիչ ուժը նման մարզադաշտ մը ունենալու կարեւորութիւնն էր (մանաւանդ որ գործող դաշտը չէր բաւարարեր բոլոր կարիքները), բարերարութիւնը Թնճուկեան ամոլին եւ նեցուկը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին: Ան հաստատեց, որ աշխատանքը այդքան ալ դիւրին չէր, սակայն այն համոզումը, թէ այդ երդիքին տակ հասակ պիտի առնեն հայեցի կազմաւորում ստացած սերունդներ, ի գործ դրուած ճիգերուն լաւագոյն արդարացումը կը հանդիսանար:

«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի տնօրէն խորհուրդի անդամ Րաֆֆի Մեսրոպեան արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ` յանուն այս կառոյցներէն օգտուող իւրաքանչիւր անդամի ու անոր երդիքին տակ հարազատութիւն ապրելու կոչուած անհատի, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ներդրում ունեցան այս մարզադաշտերու ծրագիրի յաջողութեան: Ան դիտել տուաւ, որ խորհուրդը թէեւ միշտ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ ծառայելու իրեն դիմողներուն, սակայն նոր մարզադաշտերու կառուցումով կարելի պիտի ըլլայ կրկնապատկել գործունէութիւնը, աշխատանքի աւելի յարմար պայմաններ ընձեռել տարուան բոլոր եղանակներուն:

Րաֆֆի Մեսրոպեան հայերէնով եւս խօսք առաւ եւ հաստատեց, որ մեր հաւաքական կեանքին մէջ կատարուած իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն` նորահաս սերունդներու առողջ ու հայեցի դաստիարակութեան ծառայող, կը մնայ վաւերական արժէք, իսկ անոր բարերարութիւն կատարողները կը վայելեն իրերայաջորդ սերունդներու յարգանքն ու երախտագիտութիւնը եւ օրինակ կը դառնան նոր սերունդներուն`  հաւաքական նպատակներու իրականացման նեցուկ ըլլալու: Ան անդրադարձաւ լիբանանահայ իրականութեան մէջ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի վճռորոշ դերակատարութեան, կենսական ու տիրական գործունէութեան` աւելցնելով, որ ՀՄԸՄ-ի հարիւրաւոր մարզիկներու, սկաուտներու, բազմահազար համակիրներուն, ՀՅԴ պատանեկան եւ երիտասարդական միութեանց անդամներուն համար սիրելի եւ հարազատ երդիք դարձաւ անիկա: Այդ պատճառով ալ ՀՄԸՄ-ական Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեանները իրենց հոգածութեան եւ ուշադրութեան առարկայ դարձուցին կեդրոնը` ինչպէս նախապէս, ներկայիս ալ: Իր խօսքը եզրափակելով ան դիտել տուաւ, որ կեդրոնը պիտի շարունակէ ըլլալ մարդուժ պատրաստող քուրայ` կերտելով այնպիսի սերունդներ, որոնք տէր պիտի ըլլան Հայ դատին եւ պահանջատէր հայութեան իրաւունքներուն:

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը ուղղեց Կարօ Պէրպէրեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց 48 տարիներէ ի վեր գործող մասնաճիւղի բազմաճիւղ աշխատանքները` դիտել տալով, որ վերջին տարիներուն յաւելեալ աճ արձանագրուեցաւ բոլոր բնագաւառներուն մէջ` թէ՛ թիւի, եւ թէ՛ որակի առումով: Ան յատուկ կերպով յիշեց մասնաճիւղի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը, որ լիբանանեան եւ արաբական մակարդակներու վրայ մեծ նուաճումներ արձանագրեց: Այս բոլորին լոյսին տակ, Կ. Պէրպէրեան անդրադարձաւ աճող կարիքներուն, որոնց գոհացում տալու համար նման մարզադաշտերով օժտուիլը երազի իրականացման համազօր էր, որպէսզի միութենականները մնան իրենց հարազատ տան մէջ, չստիպուին այլընտրանքներու դիմելու: ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին անդրադառնալով` ան յայտնեց, որ չի բաւեր յիշել անցեալի իրագործումները, այլ պէտք է մտածել միութեան առաքելութեան շարունակութեան մասին` կերտելու առողջ, ծառայասէր, պատասխանատու, բարոյական բարձր արժանիքներու տէր ու տիպար հայ երիտասարդներ` խոստանալով, որ ճիգ պիտի չխնայեն նոր մարզադաշտերուն շնորհիւ յաւելեալ լիցք հաղորդելու ՀՄԸՄ-ի տարբեր խումբերու գործունէութեան:

Ապա ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղին անունով ան երախտագիտութեան յուշանուէր մը յանձնեց Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան ամոլին:

Յաջորդ խօսք առնողը եղաւ Ատոմ Թնճուկեան, որ մեծ երջանկութիւն նկատեց երազի մը իրականացումը տեսնելը` աւելցնելով, որ մանաւանդ եթէ մտաբերուի, թէ հին սերունդներ ի՛նչ պայմաններու մէջ տարած են իրենց աշխատանքները, այն ատեն այսօրուան մարզադաշտերուն առկայութիւնը նախանձելի պիտի նկատուի: Ան անդրադարձաւ կեդրոնի պատմականին, հայութեան` Ծաղկաձորի շրջան փոխադրուելուն, որուն լոյսին տակ ուզած են օգտակար ըլլալ գաղութին եւ նոր շէնցող շրջանը օժտել ակումբով ու դաշտով: Բարերարը վերյիշեց հիմնարկէքի արարողութիւնը` շեշտելով, որ օրին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւս խանդավառուեցաւ եւ փափաքեցաւ այդ կառոյցին մէջ ունենալ իր միաւորները, եւ այսպիսով բոլորը միացան եւ իրականութիւն դարձուցին նման կարեւոր ու իւրայատուկ համալիրի մը կառուցումը:

Ատոմ Թնճուկեան շնորհաւորեց տարուած յաղթանակներն ու արձանագրուած պատուաբեր նուաճումները, որոնք երիտասարդութեան մօտ խանդավառութիւն կը ստեղծեն եւ կը մղեն զանոնք միանալու այս միութեան: Ան ըսաւ, թէ իրենց երիտասարդութեան այլ ՀՄԸՄ-ականներ բարձրացուցին զիրենք, իսկ այսօր իրենց կարգն է բարձրացնելու ուրիշները: Այս առիթով ան կոչ ուղղեց միանալու ՀՄԸՄ-ին եւ Դաշնակցութեան ու անոնց ճամբով ծառայելու ազգին:

Ապա խօսք առաւ Սելլա Թնճուկեան, որ շնորհաւորեց ծնողները, որոնք իրենց զաւակները յանձնած են ՀՄԸՄ-ին, որովհետեւ այս միութիւնը դպրոց է, որմէ զրկուողը շատ բան կը կորսնցնէ: Անոր համաձայն, թերեւս անմիջական կերպով ՀՄԸՄ-ին մէջ ըլլալու արժէքին գիտակցիլը երբեմն դժուար կ’ըլլայ, բայց կեանքի ընթացքը ցոյց կու տայ, որ նման միութեան մէկ անդամը ըլլալը, մարզական եւ սկաուտական կեանքէն ժառանգուած ոգին ու դաստիարակութիւնը հարստութեամբ չի գնուիր կամ այլ դպրոցներու մէջ չի փոխանցուիր: Ասոր լաւագոյն ապացոյցը այն է, որ ՀՄԸՄ-ի իւրաքանչիւր կառոյց ՀՄԸՄ-ականին համար հարազատ տուն է, իսկ իւրաքանչիւր միութենական` քոյր ու եղբայր:

Աւարտին խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ հպարտութիւն յայտնեց ի տես բանախօսներուն ետեւի աստիճաններուն վրայ նստած սկաուտներուն ու մարզիկներուն` ըսելով. «Հաւատացէ՛ք սիրելիներ, երբ այսպիսի սերունդ կանգնած է մեր կռնակին, կը նշանակէ մեր ապագան շատ փայլուն է»: Ան անդրադարձաւ նախորդ ժամանակներու պատասխանատուներուն տարած աշխատանքին, նպատակին ու հաւատքին` կերտել հպարտ, ազատ եւ ինքնուրոյն հաւաքականութիւն: «80-ական թուականներուն կարգ մը լուսամիտ հայրենակիցներ, պատասխանատու կուսակցականներ, ՀՄԸՄ-ականներ թէ Համազգայինի անդամներ, անհատ, պարզ, համեստ հայրենակիցներ մտածեցին այս ժայռոտ շրջանը, որ հետագային բոլորին սիրելի Հրաչ Տասնապետեանին կողմէ կոչուեցաւ Ծաղկաձոր, վերածել հայկական նոր կեդրոնի մը, որ կարենար ունենալ հայօրէն շնչելու ամէն պայման, տուեալ, հայօրէն ապրելու ամէն միջոց: Եւ հայը ո՛ւր ալ երթայ, առաջին գործը կ’ըլլայ դպրոց եւ ակումբ կառուցել եկեղեցիէն ետք: Եկեղեցին կար, քիչ մը վար, անհրաժեշտ էր դպրոցը, որ կառուցուեցաւ, սակայն անհրաժեշտ էր սրտին երկրորդ կէսը` մարզամշակութային կեդրոնը, եւ ահա այսօր, իր հիմնարկէքէն ուղիղ 25 տարի ետք, մէկ օրուան տարբերութեամբ, մենք դարձեալ հաւաքուած ենք նոր յաւելում կատարելու` քայլ պահելու համար այն կարիքներուն հետ, զորս այս շրջանը ունի», յայտնեց Յ. Բագրատունի:

Ան աւելցուց, որ այսօրուան սերունդները պիտի ըլլան վաղուան ղեկավարները, որովհետեւ մեր կեանքը մեզի սորվեցուցած է պատասխանատուութեան, ջահի փոխանցում, ուս-ուսի, ձեռք-ձեռքի դէպի յառաջ երթալ: Շեշտելով, որ մեր ակումբները միշտ ալ կոչուած են տուն, այսինքն` ընտանիք, հարազատ երդիք, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը հպարտութիւն նկատեց ունենալ այնպիսի անձնաւորութիւններ, որոնք կը հաւատան, թէ նման կեդրոններով կ’ապրի ազգը, եւ ոչ թէ մակերեսային ու գնայուն արարքներով եւ կեցուածքներով, այլ մեր կեանքին մէջ մնայուն ու հետեւողական ներկայութեամբ, մեր ժողովուրդին հետ ըլլալով առօրեայ դրութեամբ, անոր ցաւն ու տառապանքը ապրելով ամէն օր` հաստատելով, որ ժողովուրդը լաւապէս գիտէ զանազանել ու արժեւորել:

Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, թէ Դաշնակցութիւնը սին խոստումներ չի տար, այլ անոր խոստումը իր կեանքն ու գործն է, նոյնն է պարագան կուսակցութեան ուղեկից միութիւններուն, որոնք կ’ապրին կենդանի գործով, ժողովուրդին հետ, անոր համար, որովհետեւ կը հաւատան, թէ առանց ժողովուրդին իրենց գոյութիւնը անիմաստ է, իսկ անոր սիրոյն տարուած հսկայական աշխատանք ու քրտինքի իւրաքանչիւր կաթիլ ադամանդ է, որ կը դրուի մեր ժողովուրդին տրամադրութեան տակ. «Այդ ադամանդներուն լաւագոյն օրինակը այս փոքրիկներն են, մեր զաւակներն են, որոնք անցեալէն եկած դէպի ապագայ կը նային` «Բարձրացի՛ր, բարձրացուր» գոչելով»:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Մեթնի շրջանի հայութիւնը Նաքքաշի մէջ նոր ակումբ, վայելուչ ժողովրդային տուն պիտի ունենայ, ինչպէս նաեւ աշխատանք կը տարուի աւելի ուշ նմանօրինակ կեդրոն մը հաստատել Քըրնեթ Շեհուանի եւ Պէյթ Քեքոյի շրջաններուն մէջ, որպէսզի մեր սերունդները հպարտութեամբ հասակ նետեն հայեցի շունչով լեցուն կառոյցներու մէջ:

Աւարտին ան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ  Լիբանանի կազմակերպութեան մեծ ընտանիքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններուն, որոնք պատահական բարերարներ չեն մեր կեանքին մէջ: «Դուք բարերարներ էք, որ կ’ապրիք ձեր բարերարութեամբ, կ’ապրեցնէք ձեզի հետ մեր կեանքը, առօրեան, կը նայիք այս երեխաներուն, կը յիշէք ձեր պատանեկան տարիները եւ դէպի ապագայ նայելով այս գաղութը` լիբանանահայութիւնը կ’ուզէք ոտքի պահել: ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի լաւագոյն նուէրը, առաջին նուէրը, Լիբանանէն, այս դաշտն է` «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտն է», հաստատեց Յ. Բագրատունի` աւելցնելով, որ լիբանանահայութիւնը պիտի շարունակէ մնալ սփիւռքի հիմնական գաղութը, որ կը պատրաստէ այնպիսի մարդուժ, որ պիտի զօրացնէ սփիւռքը, Հայաստանն ու Արցախը:

Իր խօսքը եզրափակելով` Յ. Բագրատունի հայութեան տրուած շքանշաններ նկատեց Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան ամոլը:

Հանդիսաւոր բաժինէն ետք ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի մարզական խումբերը` քոնկ ֆու, պասքեթպոլ, ֆութպոլ ու ճատրակ, կատարեցին ցուցադրութիւններ, իսկ ձեռնարկը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ»-ով:

Scroll Up