“Անոնց Միակ Ցանկութիւնը Իրենց Մայրենին Չկորսնցնելն է”. Թրքական Կայքին Անդրադարձը Համշէնահայութեան

Թրքական ամենաընթերցուող ժամանցային կայքերէն onedio.com-ը յատուկ անդրադարձ  մը հրապարակած է համշէնցի հայերու մասին` մարդոց ուշադրութիւնը հրաւիրելով անոնց խնդիրներուն, ծագման ու աւանդոյթներու վերաբերեալ բազմաթիւ հարցերու վրայ, կը հաղորդէ «Թերթ.am»-ը:

«Մայրենին կորսնցնելու վտանգին տակ գտնուող սեւծովեան ժողովուրդ մը. Համշէնցիներ» վերնագիրով յօդուածին մէջ կը նշուի, որ համշէնցիները իսլամացուած են դարեր առաջ` Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին: Նիւթին հեղինակները ընդգծած են, որ թէեւ Թուրքիոյ մէջ համշէնցիներու էթնիկ ծագման վերաբերեալ տարակարծութիւնները շատ են` առկայ են օսմանեան արխիւային փաստաթուղթեր, ուր համշէնցիները կը յիշատակուին որպէս կրօնափոխ հայեր:

Նիւթին մէջ նոյնիսկ կցուած է տուեալ արխիւային փաստաթուղթին պատճէնը, որ աւելի առաջ հրապարակուած էր «Ակօս» հայկական պարբերականին կողմէ:

Bu düşünceye kanıt olarak 1 Haziran 1913 tarihinde kaleme alınmış, dönemin Osmanlı Genelkurmay’ı tarafından, İçişleri Bakanlığı’na gönderilen bu belgeyi sunuyorlar. Belgede “Hemşin ismiyle bilinen Ermeni'den dönme Müslümanlar” yazdığı söyleniyor.

Յօդուածին հեղինակները կ՛ենթադրեն, որ այժմ ամբողջ Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրի մօտ 300 000 համշէնցի:

Նշուած են նաեւ անոնց հիմնական բնակավայրերը. արեւելեան համշէնցիները հիմնականօրէն կեդրոնացած են Արդվինի Խոփա, Քեմալփաշայ, Պորչկայ շրջաններուն մէջ, իսկ արեւմտեան համշէնցիները` Ռիզէի Հէմշին, Չամլըհէմշին եւ Չայելի շրջաններուն մէջ, որոնք ալ կը կազմեն պատմական բուն Համշէնի տարածքը:

Ի դէպ` հայերէն կը խօսին հիմնականօրէն արեւելեան համշէնցիները` Արդվինի գիւղերուն մէջ ապրող մօտ 30-40 հազար համշէնահայ:

«Իրականութեան մէջ անոնց կիրառած լեզուն յայտնի է որպէս արեւմտահայերէնի բարբառներէն մէկը: Եկէք մէկ կողմ դնենք անոնց հայ կամ թուրք ըլլալը. այս ժողովուրդի միակ ցանկութիւնը իրենց մայրենին չկորսնցնելն ու եկող սերունդներուն փոխանցելն է», – կը գրէ կայքը:

Յիշեցնենք, որ Համշէնի հայկական բարբառը UNESCO-ի կողմէ դասուած է վերացման վտանգի տակ գտնուող լեզուներու շարքին:

Scroll Up