«Բարեկամութեան Գոյները». 7 Ապրիլ-ին, Քուէյթի «Ալ Պապթին» Կեդրոնը Հայաստան եւ Հայկականութիւն կը Բուրէր

Շաբաթ, 7 Ապրիլ 2018-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Ալ Պապթին» մշակութային կեդրոնէն ներս, տեղի ունեցաւ (COLORS OF FRIENDSHIP)` «Բարեկամութեան Գոյները» խորագիրով աննախընթաց ձեռնարկը։

Քուէյթի մէջ ՀՀ Դեսպանատան հովանաւորութիւնը վայելող այս ձեռնարկը, նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան Ա. Անկախութեան 100Ամեակին, եւ արգասիքն էր՝ ՀՀ Դեսպանատան, Քուէյթի Ազգային Վարժարանին եւ «Ալ Պապթին» գրադարանի համագործակցութեան։ Այս մասին կը հաղորդեն Քուէյթի Ազգային վարժարանէն։

Հանդիսութեան ներկայ էին ՀՀ Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարութեան Սփիւռքի հետ կապերու բաժնի պետ՝ պրն. Կարէն Մնացականեանը, Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմի Առաջնորդ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեան, Քուէյթի Հոգեւոր Հովիւ՝ Տ. Արտակ Ա. Քհնյ. Քէհեայեան եւ շարք մը Ազգային ու Միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ «Ալ Պապթին» գրադարանի Տնօրէն՝ Ատնան Ալ Ֆաուուազ եւ Գործադիր Տնօրէնուհի՝ Տոքթ. Սուատ Ալ Աթիքի։

Ներկայ էին նաեւ զանազան երկիրներու դեսպաններ, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, քուէյթեան բազմաթիւ լրատուամիջոցներ եւ Քուէյթցի մշակութասէր անձնաւորութիւններ։ 

Հանդիսութեան սկիզբը տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը, որու ընթացքին բեմավարներ՝ Կարօ Արսլանեան եւ Մարիա Սէփիլեան-Սալիպա բարի գալուստի խօսքեր արտասանեցին, ապա հրաւիրեցին ՀՀ լիազօր Դեսպան՝ պրն. Մանուէլ Բադէյեանն ու Ազգ. Վարժարանի Տնօրէն Տոքթ. Ներսէս Սարգիսեանը, ներկայացնելու իրենց խօսքերը, որոնք դրուատեցին հայ-քուէյթեան սերտ գործակցութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին բոլոր անոնց որոնք սատար հանդիսացան սոյն ձեռնարկի յաջողութեան, ի մասնաւորի Վարժարանիս արուեստի ուսուցչուհի Հուրի Նալպանտեան-Տէկիրմէնճանին, որու տքնաջան եւ հետեւողական աշխատանքով իրագործուեցաւ սոյն գեղարուեստական հանդիսութիւնը։ Արդ, Պրն. Տնօրէնը առ ի երախտագիտութիւն Տիկին Հուրիի տարած անձնուէր ծառայութեան, երախտագիրով մը պարգեւատրեց զայն։

Գեղարուեստական բաժնին նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին Տիկիններ՝ Հայկուհի Բազեան եւ Թամար Դանիէլեան, որոնց երաժշտական ներկայացումները գեղեցկացուցին օրուան յայտագիրը, ինչպէս նաեւ 12-րդ կարգի աշակերտուհի Նայիրի Միքայէլեան արաբերէն լեզուով գովաբանական արտասանութիւն մը ներկայացուց։

Ապա ներկաները շրջեցան ցուցասրահէն ներս եւ հիացմունքով դիտեցին գծագրական ստեղծագործութիւնները, որոնք կը մարմնաւորէին Հայկական եւ քուէյթեան բնաշխարհները, հայկական եւ քուէյթեան արժէքները, բարքերն ու սովորութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայ-Քուէյթական երկարամեայ սիրալիր բարեկամութիւնը, որու արմատները կու գան 1940-ական թուականներէն։ 

Յայտագրի վերջին բաժնով ներկաները ուղղուեցան ցուցասրահի կից գտնուող պարտէզը, ուր ճաշակեցին Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբի եւ ՀՕՄ-ի ժրաջան Տիկիններուն պատրաստած համադամ հայկական ճաշատեսակները։

Միջոցին, Համազգայինի Քուէյթի Մեկուսի Կազմի «Շաքէ» պարախումբի աղջիկները ներկայացուցին հայկական պարարուեստէն պատառիկներ, յաւելեալ փայլք տալով հանդիսութեան։

Տեղին է նշել, որ ցուցասարհէն ներս նաեւ յարդարուած էր հայկական տունը պատկերող անկիւն մը, ինչպէս նաեւ հայկական տարազով մաքէթ մը, որոնք խանդավառեցին ներկաները եւ առիթ տուին անձնական ու հաւաքական խմբանկարներու, որպէս յիշատակ այս իւրայատուկ օրուան։

7 Ապրիլ 2018-ին, «Ալ Պապթին» կեդրոնը Հայաստան եւ հայկականութիւն կը բուրէր։

Scroll Up